Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆայեատի Ջանքերով Ելեկտրականութեան Ցանցը Իր Բնական Աշխատանքին Վերսկսած Է

Հոկտեմբեր 11, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ կէսօրին յայտարարուեցաւ, որ երկրին ելեկտրականութեան ցանցը բանելէ կանգ առած է:

Պաշտօնական աղբիւրներ նշեցին, որ կազ օյլի չգոյութեան պատճառով Զահրանիի եւ Տէյր Աամարի ելեկտրակայաններու աշխատանքի դադրելուն պատճառով ամբողջ Լիբանանը մատնուած է խաւարի:

Սակայն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի ջանքերով կիրակի յետմիջօրէին, գրեթէ 24 ժամ ետք, յայտարարուեցաւ, որ ելեկտրականութեան ցանցը իր բնական աշխատանքին վերսկսած է:

Այս առիթով Ֆայեատ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին, պաշտպանութեան նախարարին, բանակի հրամանատարին, Ելեկտրականութեան ընկերութեան եւ անոր ընդհանուր տնօրէնին, որոնք արագ ընդառաջեցին ելեկտրականութեան ցանցի աշխատանքը վերսկսելու պահանջին` նկատի ունենալով լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան կողմէ տրամադրուած 6 հազար քիլոլիթր կազ օյլը, որ հաւասարապէս տրամադրուեցաւ Զահրանիի եւ Տէր Աամարի ելեկտրականներուն:

Նշենք, որ կազ օյլի այդ քանակը տրամադրուեցաւ լիբանանեան բանակին համար ապահովուած պահեստէն:

Ֆայեատ աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան հասած է ֆիուլ օյլի քանակ մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ բանեցնել նաեւ Զուքի եւ Ժիէի ելեկտրակայանները:

Ան նշեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաւանութեամբ 100 միլիոն տոլար տրամադրուած է ֆիուլ օյլ ներածելու եւ ելեկտրական հոսանքի արտադրութիւնը ապահովելու մինչեւ հոկտեմբերի աւարտ:

Նշենք, որ երկրին մէջ պիւթակազի լուրջ տագնապ գոյութիւն ունի` նկատի ունենալով անցեալ շաբաթավերջին պիւթակազի պարագային արձանագրուած սակի յաւելումը, այլ խօսքով` ուղղակի 35.400 լ. ոսկիի յաւելումը:

Այս շրջագիծին մէջ պիւթակազի ցրուիչներու սենտիքայի նախագահ Ֆարիտ Զայնուն յայտնեց, թէ պիւթակազ լեցնող ընկերութիւնները ուրբաթ կէսօրուընէ ի վեր փակած են իրենց դռները` աւելցնելով, որ երկրին մէջ պիւթակազի ցրուումը խանգարուած է:

Ֆայեատ Նախագահ Աունին Ներկայացուց Եգիպտոս Եւ Յորդանան Կատարած Իր Այցելութիւններուն Արդիւնքները

Ֆայեատ շաբաթավերջին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն ներկայացուց Եգիպտոս եւ Յորդանան կատարած իր այցելութիւններուն արդիւնքները, որոնց հիման վրայ ան պատրաստակամութիւն շօշափած է Լիբանանին նաւթի եւ կազի մատակարարումը արագացնելու, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամատան կողմէ դիւրութիւններ ընձեռելու:

Հանդիպում Շիայի Հետ

Միւս կողմէ, Ֆայեատ մէկ շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամն ըլլալով ուժանիւթի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց Եգիպտոս եւ Յորդանան կատարած իր այցելութիւններուն արդիւնքները, որոնք կը վերաբերին դէպի Լիբանան ելեկտրական հոսանքի եւ բնական կազի մատակարարման:

Հանդիպումը ընթացաւ դրական մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին Շիա ողջունեց Ֆայեատի ճիգերը, որոնք կը միտին արագացնել Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ համաձայնագիրներուն գործադրութիւնը` արագացնելով նաեւ այդ համաձայնագիրին գործադրութեան ֆինանսաւորումը ապահովելու հոլովոյթը:

 

Նախորդը

Ապտալլա Բ. Թագաւորը Կը Վերահաստատէ Յորդանանի Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Յաջորդը

12 Հոկտեմբերին Մոսկուայի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Փութին-Փաշինեան Հանդիպումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?