Լիբանանեան

Զօր. Աուն Շարունակեց Ուաշինկթընի Մէջ  Իր Հանդիպումները

Զօր. Աուն Շարունակեց Ուաշինկթընի Մէջ Իր Հանդիպումները

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Ուաշինկթընի մէջ կը շարունակէ իր հանդիպումները` ամերիկացի պետական անձնաւորութիւններու եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Զօր. Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Քոնկրեսի մէջ Հանրապետական կուսակցութեան ամավարկի յանձնախումբի նախագահ Քէյ Կրենկըրի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան բարեկամական յանձնախումբին հետ, որուն մաս կը կազմեն նաեւ ծագումով լիբանանցի քոնկրեսականներ Տարին Լահուտ եւ Տարիլ Իսա: Զօր. Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ծերակուտական Քրիս...

«Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Կայացնելու Երեսփոխանական Ընտրութիւնները»   Շեշտեց Մաուլաուի

«Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Կայացնելու Երեսփոխանական Ընտրութիւնները» Շեշտեց Մաուլաուի

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի միջինարեւելեան երկիրներուն հետ յարաբերութեանց պատասխանատու յանձնախումբի նախագահ Իզապել Սանթոսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սանթոս յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ այդ ընտրութիւնները կազմակերպող մարմինին աշխատանքները, որոնք շատ կարեւոր են: Սանթոս ընդգծեց, որ իրենք մտահոգութիւն յայտնած են այս մարմինին...

«Հաղորդակցութեան Մարզին Համար Մազութ  Ապահովուած Է, Եւ Այդ Մարզին Ծառայութիւններուն  Սակերը Պիտի Մնան Անփոփոխ»  Շեշտեց Քըրըմ

«Հաղորդակցութեան Մարզին Համար Մազութ Ապահովուած Է, Եւ Այդ Մարզին Ծառայութիւններուն Սակերը Պիտի Մնան Անփոփոխ» Շեշտեց Քըրըմ

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախարար Ճոնի Քըրըմ ամէն ջանք ի գործ դրած է մազութ ապահովելու հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ համացանցի եւ հաղորդակցութեան ծառայութիւնները ապահովել: Միւս կողմէ, Քըրըմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ համացանցի ու հաղորդակցութեան ծառայութիւնները շարունակելու համար մազութը ապահովուած է` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը իր մատուցած ծառայութիւններուն սակերը պիտի պահէ նոյնը:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 713 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հինգշաբթի, 11 նոյեմբեր 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, պիտի արտասանէ պատկերասփռուած խօսք մը` Նահատակի օրուան առիթով: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահի ռուսական հարցերով խորհրդատու Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ Ռուսիա կը պատրաստէ առաջարկ մը, որուն հիման վրայ...

«Վերստին Կոչ Կ՛ուղղեմ Տեղեկատուութեան  Նախարարին` Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն  Շահերը Աւելի Բարձր Դասելու»  Ըսաւ Վարչապետ Միքաթի

«Վերստին Կոչ Կ՛ուղղեմ Տեղեկատուութեան Նախարարին` Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Շահերը Աւելի Բարձր Դասելու» Ըսաւ Վարչապետ Միքաթի

Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն ու Լիբանանի միջեւ ստեղծուած դիւանագիտական տագնապը, որ երկրին կառավարութիւնը զետեղած է այլ փորձանքի մը դիմաց, կը յամենայ, եւ հակառակ անոր որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կեցուածքներուն առաստաղը բարձրացուց, սակայն ան չի միտիր հրաժարիլ, հետեւաբար կառավարութիւնը եւս պիտի չհրաժարի, ո՛չ ալ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահին պիտի հրաժարի, որովհետեւ ան եւ իր դաշնակիցները համոզուած են, թէ անոր...

Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառած  Զոհերուն Հարազատները Կը Պահանջեն  Ճշմարտութեան Բացայայտումը

Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառած Զոհերուն Հարազատները Կը Պահանջեն Ճշմարտութեան Բացայայտումը

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն ընտանիքները երէկ կատարեցին երկու նստացոյցեր, որոնցմէ առաջինը` Պանդուխտի յուշարձանին, իսկ երկրորդը` նաւահանգիստի 3-րդ դարպասին դիմաց: Ընտանիքներուն անունով հաստատուեցաւ, որ այս նստացոյցերը պիտի շարունակուին ամսական դրութեամբ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ճշմարտութիւնը բացայայտել, արդարութիւնը պարտադրել եւ հաշուետուութեան կանչել այդ պայթումին բոլոր պատասխանատուները: Ընտանիքները խստիւ դատապարտեցին նախկին իշխանաւորներուն կողմէ պայթումին հետաքննութիւնը արգելակելու ճիգերը` հաստատելով սակայն, որ արդարութիւնը անկասկած...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 642 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախարարութիւնը խստիւ կը դատապարտէ ականուած անօդաչու թռչող սարքերուն կողմէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ կատարուող յարձակումները եւ ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ Սէուտական Արաբիոյ ու անոր գերիշխանութեան: ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ...

Վարչապետ Միքաթի Այսօր Պիտի Ունենայ  Հանդիպումներ` Լուծելու Համար Լիբանանի  Եւ Ծոցի Երկիրներուն Միջեւ Դիւանագիտական Տագնապը

Վարչապետ Միքաթի Այսօր Պիտի Ունենայ Հանդիպումներ` Լուծելու Համար Լիբանանի Եւ Ծոցի Երկիրներուն Միջեւ Դիւանագիտական Տագնապը

Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր տագնապներուն վրայ աւելցած է Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ դիւանագիտական տագնապը, որուն մասին երէկ երեկոյեան Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, որ արդէն իսկ մեկնած է Ռիատ, կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Տագնապը կը կայանայ ճիշդ անոր մէջ, որ հինը հոգեվարքի մէջ է, իսկ նորը տակաւին չէ ծնած: Իսկ այդ միջոցին է,...

Եւրոպական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Հետ Հանդիպումին.  Բագրատունի. «Ինչ Կ՛ակնկալուի Ժողովուրդը  Ճզմելու Քաղաքականութենէն»

Եւրոպական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Հետ Հանդիպումին. Բագրատունի. «Ինչ Կ՛ակնկալուի Ժողովուրդը Ճզմելու Քաղաքականութենէն»

Եւրոպական խորհրդարանի «Մաշրեք» համախմբումը` նախագահութեամբ Իզապել Սանթոսի, անցնող օրերուն այցելեց Լիբանան եւ հանդիպում ունեցաւ երկրի պետական եւ քաղաքական ղեկավարներուն հետ: Համախմբումը կ՛աշխատի Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի խորհրդարաններուն հետ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ, Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ տուեալ երկիրներու հարցերուն մօտէն ծանօթանալու, գործակցութիւն հաստատելու եւ օժանդակելու անոնց եւրոպական խորհրդարանին մէջ: Այս շրջագիծին մէջ, պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութեան հետ...

Այցելութիւն Ներքին Գործոց Նախարարին

Այցելութիւն Ներքին Գործոց Նախարարին

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան երէկ այցելեցին ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բեմը յուզող տարբեր հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ կարեւոր նկատուեցաւ եւ շեշտուեցաւ կառավարութեան նիստերը վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը: Քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ ժողովուրդին ընկերային եւ...

«Լիբանան Կ՛ուզէ Սէուտական Արաբիոյ, Ծոցի  Եւ Արաբական Երկիրներուն Հետ Հեզասահ  Յարաբերութիւններ Ունենալ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Լիբանան Կ՛ուզէ Սէուտական Արաբիոյ, Ծոցի Եւ Արաբական Երկիրներուն Հետ Հեզասահ Յարաբերութիւններ Ունենալ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ ինք նախագահ Աունին ներկայացուցած է իր կատարած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները` լուծելու համար այն խնդիրները, որոնք արձանագրուեցան, երբ Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի կարգ մը երկիրներ որոշեցին տուն կանչել իրենց դեսպանները, ինչպէս նաեւ իրենց երկիրներուն մէջ գտնուող լիբանանցի...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառավարութեան Եւ Դատական Իշխանութիւններուն Միջեւ Կապը Պէտք Է Քանդել Եւ Նաւահանգիստի Պայթումին Ու Թայյունէի Սպանդին Մասին Նախնական Վճիռները Արձակել»

Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց իր առցանց նիստը` համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի նախագահութեամբ: Համախմբումը ցաւ յայտնեց Լիբանանի ու Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման համար եւ կոչ ուղղեց Լիբանանի ու Սէուտական Արաբիոյ միջեւ սրտբաց երկխօսութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ այդ տագնապը լուծելու երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ երկկողմանի շահերու ապահովումին հիման վրայ: Համախմբումը հաստատեց, որ իրենց համար անբաղձալի է Լիբանանի եւ...

Կրիֆիթ. «Լիբանանցի Անձնաւորութիւններուն Դէմ  Պատժամիջոցները Փաստերու  Հիման Վրայ Որդեգրուած Են»

Կրիֆիթ. «Լիբանանցի Անձնաւորութիւններուն Դէմ Պատժամիջոցները Փաստերու Հիման Վրայ Որդեգրուած Են»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճերըլտին Կրիֆիթ յայտնեց, որ Հըզպալլան է Լիբանանի հարցերուն բարդացման եւ բազմապատկուելուն պատճառը: «Այդ մասին աշխարհը կը վկայէ եւ օրըստօրէ աւելի յստակ կը դառնայ: Հըզպալլա Լիբանանը չի պաշտպաներ, ինչպէս որ կը յաւակնի ընել, այլ անիկա ահաբեկչական կազմակերպութիւն է, որուն պարտականութիւնն է Իրանը պաշտպանել», ըսաւ ան: Կրիֆիթ դիտել տուաւ, որ Հըզպալլայի կատարած ահաբեկչական գործողութիւններն են, որոնք...

Հացի Տագնապի Սեմին Չենք Գտնուիր

Լիբանանեան Հացի Կապին Արժէքը Դարձաւ 9500 Լ. Ոսկի

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան որոշումով լիբանանեան հացի կապին արժէքը հասաւ 9500 լ. ոսկիի: Նշենք, որ նախարարութեան որոշումով 1200 կրամ լիբանանեան հացի կապը կ՛արժէ 9000 լ. ոսկի, 810 կրամ լիբանանեան հացի կապը կ՛արժէ 6500 լ. ոսկի, իսկ 380 կրամ լիբանանեան հացի կապը կ՛արժէ 4500 լ. ոսկի` փուռէն գնուելու պարագային: Իսկ եթէ հացը խանութներէն պիտի գնուի, ապա 1200 կրամ լիբանանեան հացի կապը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 702 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 7800 լ. ոսկիով եւ դարձած 313.400 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինը` 7800 լ. ոսկիով եւ դարձած 304.000 լ. ոսկի, մազութը` 7700...

«Կլիմայի Փոփոխութեան Հետեւանքները  Պիտի Արգելակեն Լիբանանի Տնտեսական Եւ Ընկերային  Կացութեան Մէջ Ստեղծուելիք Որեւէ Բարելաւում»  Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

«Կլիմայի Փոփոխութեան Հետեւանքները Պիտի Արգելակեն Լիբանանի Տնտեսական Եւ Ընկերային Կացութեան Մէջ Ստեղծուելիք Որեւէ Բարելաւում» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 5:30-ին Լիբանանի խօսքը ուղղեց ՄԱԿ-ի կլիմայի հարցերով 26-րդ խորհրդաժողովին, որ կը գումարուի Սկովտիոյ Կլասկօ քաղաքին մէջ: Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ հսկայական մարտահրաւէրներ, որոնց շարքին են տնտեսական, դրամատնային եւ ելեւմտական տագնապները, «Քորոնա» համաճարակին հետեւանքները, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին յաջորդած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապալի իրավիճակին իբրեւ հետեւանք Լիբանան հասած տեղահանուածներու հսկայական թիւը: Միքաթի...

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական  Ընտրութիւնները Ազատութեան Եւ Թափանցիկութեան  Մթնոլորտի Մէջ Կատարելու  Պատրաստութիւնները Ընթացքի Մէջ Են»

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ազատութեան Եւ Թափանցիկութեան Մթնոլորտի Մէջ Կատարելու Պատրաստութիւնները Ընթացքի Մէջ Են»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի միջինարեւելեան երկիրներու հետ յարաբերութեանց պատասխանատու յանձնախումբի նախագահ Իզապել Սանթոսը` ընկերակցութեամբ յանձնախումբին անդամներուն: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կայանան յառաջիկայ գարնան` սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին համաձայն: Ան նկատել տուաւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպումը կը կատարուի այնպէս մը, որ ընտրութիւնները կատարուին ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ թափանցիկութեան մթնոլորտի մէջ:...

Թարեք Պիթար. «Ռաուլ Նաամէէն  Ոչ Մէկ Նամակ Ստացած Եմ»

Պիթար. «Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Շարունակելէ Պիտի Չհրաժարիմ, Իսկ Հետաքննութեան Բովանդակութիւնը Կարելի Չէ Բացայայտել` Անոր Գաղտնի Ըլլալուն Պատճառով»

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար երէկ ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած քաղաքացիներուն հարազատները, որոնց ներկայութեան յայտնեց, որ կարգ մը ամբաստանեալներ իր դէմ դատական հարց յարուցած են` կողմնակալ ըլլալու յանցանքով: «Ասիկա անճիշդ է, իսկ հետաքննութեան բովանդակութիւնը կարելի չէ բացայայտել` անոր գաղտնի ըլլալուն պատճառով», ըսաւ ան: Պիթար շեշտեց, որ ինք պայթումի թղթածրարին հետաքննութիւնը ամէն իմաստով կը հետապնդէ: Ան...

Ուաշինկթընի Մէջ.  «Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Դիմակայելու  Համար Բազմաթիւ Արտակարգ  Միջոցառումներ Որդեգրած Ենք»   Շեշտեց Զօր. Աուն

Ուաշինկթընի Մէջ. «Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Դիմակայելու Համար Բազմաթիւ Արտակարգ Միջոցառումներ Որդեգրած Ենք» Շեշտեց Զօր. Աուն

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Ուաշինկթընի լիբանանեան դեսպանատան կեդրոնատեղիին մէջ` ներկայութեամբ դեսպանի պաշտօնակատար Ուաէլ Հաշեմի, ընդունեց լիբանանեան ծագումով ամերիկացի հետազօտողներու պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն ժամանակաշրջանին լիբանանեան բանակին պարզած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ բանակին օժանդակելու կարելիութիւնները, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել այս փուլը: Զօր. Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը մեծապէս ազդած է լիբանանեան բանակին վրայ:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 822 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ: ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամ ահաբեկիչ մը, որ խոստովանեցաւ, թէ հաւաքած է մեծ քանակութեամբ պայթուցիկ նիւթ եւ շինած է ականներ` Աքքարի մէջ կրօնական կեդրոն մը պայթեցնելու նպատակով: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան մեծ...

Page 381 of 988 1 … 380 381 382 … 988

Արխիւներ