Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 5, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 642 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախարարութիւնը խստիւ կը դատապարտէ ականուած անօդաչու թռչող սարքերուն կողմէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ կատարուող յարձակումները եւ ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ Սէուտական Արաբիոյ ու անոր գերիշխանութեան:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար շեշտեց, որ հատուցման քարտի գործադրութեան մեկնարկը կատարելու նպատակով գումակային բոլոր աշխատանքները աւարտած են` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այդ քարտին մեկնարկը պիտի չկատարէ, մինչեւ որ խորհրդարանը կատարուած բարեկարգումները վաւերացնէ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ շեշտեց, որ եգիպտական կազ փոխադրող կազատարը 450 մեկաուաթ ելեկտրականութիւն պիտի ապահովէ Լիբանանին, եթէ Տէյր Ամարի ելեկտրական ընկերութիւնը գործէ: Ան աւելցուց, որ բնական կազով ելեկտրականութիւն արտադրելու ծախսը շատ աւելի քիչ է, քան կազ օյլով եւ ֆիուլ օյլով արտադրուած ելեկտրականութիւնը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Նասսար յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որ Լիբանան այս ձմրան կարենայ իրականացնել ձմեռնային զբօսաշրջութիւնը:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութիւնը կը նախատեսէ շուրջ 200 դէտ ուղարկել Լիբանան` հսկելու համար երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ստեղծուած դիւանագիտական տագնապին պատասխանատու նկատեց Ռիատը: Պլոքը վերահաստատեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարի մասին իր տեսակէտը` ընդգծելով, որ ան իր աշխատանքը կողմնակալութեամբ եւ արտաքին օրակարգի ենթակայ դառնալով կը կատարէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ կառավարութիւնը մեղադրեց լիբանանցիներուն ապրուստի ողբերգական պայմանները քննարկելու նիստ մը չգումարելու յանցանքով եւ զայն ամբաստանեց պետական նպաստը լուռ եւ աստիճանաբար չեղեալ նկատելու հարցով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ հաստատեց, որ կառավարութեան հրաժարականը անհաւանական է, որովհետեւ անիկա Լիբանանի աւարտը կը նշանակէ:

ՄԱՐՈՆԻ եպիսկոպոսներու խորհուրդը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի հոգեւոր պետ Պշարա Ռայի պատրիարքին, գումարեց իր ամսական նիստը Պքերքէի մէջ: Նիստին ընթացքին խորհուրդը կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերահաստատելու:

 

Նախորդը

Արթուր Խաչատրեան Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոն, Ազգային Առաջնորդարան, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն Եւ Այնճար

Յաջորդը

Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառած Զոհերուն Հարազատները Կը Պահանջեն Ճշմարտութեան Բացայայտումը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.