Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Հետ Հանդիպումին. Բագրատունի. «Ինչ Կ՛ակնկալուի Ժողովուրդը Ճզմելու Քաղաքականութենէն»

Նոյեմբեր 4, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի «Մաշրեք» համախմբումը` նախագահութեամբ Իզապել Սանթոսի, անցնող օրերուն այցելեց Լիբանան եւ հանդիպում ունեցաւ երկրի պետական եւ քաղաքական ղեկավարներուն հետ: Համախմբումը կ՛աշխատի Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի խորհրդարաններուն հետ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ, Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ տուեալ երկիրներու հարցերուն մօտէն ծանօթանալու, գործակցութիւն հաստատելու եւ օժանդակելու անոնց եւրոպական խորհրդարանին մէջ:

Այս շրջագիծին մէջ, պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութեան հետ բարեկամութեան յանձնախումբին հետ: Յանձնախումբին մաս կը կազմէ երեսփոխան Բագրատունի:

Հանդիպումի ընթացքին, արծարծուած հարցերուն կապակցութեամբ, Բագրատունի կատարեց հետեւեալ հաստատումները.

Ա.- Խորհրդարանի ընտրութիւններուն վերահսկող մարմինը կը կազմուի անտարակոյս, սակայն անցեալի փորձառութիւնը քաջալերական չէ: Ան պարզապէս կ՛արձանագրէ խախտումները եւ ոչ մէկ միջոցառումի կը դիմէ: Փաստօրէն թէ՛ ճնշումներու, թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ քարոզչական մարզերուն մէջ հաստատուած խախտումները ընտրութիւններու նախօրէին եւ ընտրութեանց կայացման օրը, խորհուրդը չէ մղած անվաւեր հռչակելու ոեւէ թեկնածուի արդիւնքները:

Բ.- Ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքները` հաւասարութիւն, ներկայացուցչութիւն եւ արդարութիւն, չեն կրնար գործադրուիլ համայնքային բաժանումներով ապրող երկրի մը մէջ, առ այդ` կը դիմուին կիսամիջոցներու: Որեւէ հիմնական փոփոխութիւն այս իմաստով կը կարօտի համալիբանանեան համաձայնութեան, որ կարելի չէ ներկայ փուլին:

Ժողովրդավարութեան իմաստով, Լիբանան ջահակիրն է շրջանին մէջ: Ազատութիւններու ըմբռնողութիւնը լայնածաւալ է: Ազատութիւնը նաեւ կ՛ենթադրէ պատասխանատուութիւն, որ յաճախ կը պակսի, իսկ նման պահանջ կը նկատուի ազատութեան կաշկանդում:

Գ.- Լիբանանցի ժողովուրդը ունի վստահութեան խնդիր իր ղեկավարութեան նկատմամբ: Անցնող տասնամեակներու սխալները, անփոյթ ընթացքը, շահագործումն ու փտածութիւնը եւ այս բոլորին կուտակումները պատճառ են այս անվստահութեան: Կացութիւնը հասած է այն վտանգաւոր աստիճանին, որ այլեւս ժողովուրդը, կամ այսպէս ըսած ժողովուրդի կողմէ արտայայտուողներ չեն զանազաներ սահմանադրութիւնն ու պետական հաստատութիւնները զանոնք զբաղեցնող անձերէն: Այս վիճակը կը ստեղծէ անիշխանական արտայայտութիւն եւ կ՛ունենայ վատ անդրադարձ պետականութեան ըմբռնողութեան վրայ:

Դ.- Դրամը հիմնական դերակատարութիւն ունի երկրին մէջ: Ով դրամ ունի, կ՛իշխէ լրատուամիջոցներուն, եւ անոր դիմաց ասպարէզը լայն կը բացուի լրատուամիջոցներուն մօտ: Կը բաւէ արագ քննութիւն մը կատարել տեսնելու համար, թէ որո՛նք հիւրերն են այդ հաստատութիւններուն ընդհանրապէս, կա՛մ հարուստներ, կա՛մ ներքին եւ արտաքին ուժերու կողմէ ֆինանսաւորուած անձեր, կա՛մ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ե.- Լիբանանի վրայ դրուած պատժամիջոցները փաստօրէն կը վնասեն միայն լիբանանցի քաղաքացիին: Իսկ անոնք, որոնք ժողովուրդն ու երկիրը հասցուցած են ներկայ քանդուող իրավիճակին, անոնց հանդէպ չկան միջոցառումներ: Անոնք ազատօրէն կը շրջին եւրոպական երկիրներուն մէջ, իսկ անոնց գումարները ներդրուած են արտասահմանեան դրամատուներու մէջ: Փաստօրէն, միակ տուժողը ժողովուրդն է: Ասիկա կը պարտադրէ հետեւեալ հարցադրումը. «Ի՞նչ կ՛ակնկալուի ժողովուրդը ճզմելու քաղաքականութենէն»:

Առ այդ, անհրաժեշտ է այս ծիրին մէջ դիտել Լիբանանի քաղաքական իրավիճակն ու յառաջիկայ ընտրութիւնները:

 

 

Նախորդը

Այցելութիւն Ներքին Գործոց Նախարարին

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Այսօր Պիտի Ունենայ Հանդիպումներ` Լուծելու Համար Լիբանանի Եւ Ծոցի Երկիրներուն Միջեւ Դիւանագիտական Տագնապը

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?