Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառած Զոհերուն Հարազատները Կը Պահանջեն Ճշմարտութեան Բացայայտումը

November 5, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն ընտանիքները երէկ կատարեցին երկու նստացոյցեր, որոնցմէ առաջինը` Պանդուխտի յուշարձանին, իսկ երկրորդը` նաւահանգիստի 3-րդ դարպասին դիմաց:

Ընտանիքներուն անունով հաստատուեցաւ, որ այս նստացոյցերը պիտի շարունակուին ամսական դրութեամբ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ճշմարտութիւնը բացայայտել, արդարութիւնը պարտադրել եւ հաշուետուութեան կանչել այդ պայթումին բոլոր պատասխանատուները:

Ընտանիքները խստիւ դատապարտեցին նախկին իշխանաւորներուն կողմէ պայթումին հետաքննութիւնը արգելակելու ճիգերը` հաստատելով սակայն, որ արդարութիւնը անկասկած պիտի պարտադրուի:

Անոնք հաստատեցին, որ իրենք կը պնդեն նախագահներն ու նախարարները պայթումին հետաքննութեան պատասխանատու դատաւորին դիմաց դատել եւ ոչ թէ Նախագահներու եւ նախարարներու դատավարութեան յատուկ խորհուրդին դիմաց:

Ընտանիքները խստիւ դատապարտեցին նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարին վրայ կատարուած յարձակումները եւ զօրակցութիւն յայտնեցին դատաւորին` պահանջելով ամբաստանեալներուն ձերբակալումը:

Միւս կողմէ, ընդառաջելով նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի իրաւաբանին ներկայացուցած հայցին, վերադատ ատեանը հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ Պիթար պիտի դադրի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան պատասխանատու դատաւորի իր պաշտօնէն:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Վերստին Կոչ Կ՛ուղղեմ Տեղեկատուութեան Նախարարին` Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Շահերը Աւելի Բարձր Դասելու» Ըսաւ Վարչապետ Միքաթի

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.