Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ. «Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Դիմակայելու Համար Բազմաթիւ Արտակարգ Միջոցառումներ Որդեգրած Ենք» Շեշտեց Զօր. Աուն

November 3, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Ուաշինկթընի լիբանանեան դեսպանատան կեդրոնատեղիին մէջ` ներկայութեամբ դեսպանի պաշտօնակատար Ուաէլ Հաշեմի, ընդունեց լիբանանեան ծագումով ամերիկացի հետազօտողներու պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն ժամանակաշրջանին լիբանանեան բանակին պարզած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ բանակին օժանդակելու կարելիութիւնները, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել այս փուլը:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը մեծապէս ազդած է լիբանանեան բանակին վրայ: «Այդ տագնապը դիմակայելու համար բանակի հրամանատարութիւնը բազմաթիւ արտակարգ միջոցառումներ որդեգրած է արդէն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ բանակը ամենայն յանձնառութեամբ եւ կորովով կը շարունակէ իր պարտականութիւնները` պահպանելու համար ապահովական կայունութիւնն ու կանխարգիլելու համար սադրանքներու ծուղակը իյնալու փորձերը:

Զօր. Աուն դրուատեց արտերկրի լիբանանցիներուն ճիգերն ու ջանքերը` լիբանանեան բանակին օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով:

Իրենց կարգին, ներկաները ողջունեցին բանակը եւ բարձր գնահատեցին անոր դերակատարութիւնը` Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու առումով:

Անոնք ընդգծեցին նաեւ բանակին զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ անիկա միակ հաստատութիւնն է, որ տեղական եւ միջազգային համախոհութեան արժանի է:

Զօր. Աուն լիբանանեան դեսպանատան մէջ ընդունեց նաեւ ամերիկացի քոնկրեսականներու օգնականներ, որոնց տուաւ բացատրութիւններ` լիբանանեան բանակի իրավիճակին, անոր ստանձնած գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքներուն մասին:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պիթար. «Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Շարունակելէ Պիտի Չհրաժարիմ, Իսկ Հետաքննութեան Բովանդակութիւնը Կարելի Չէ Բացայայտել` Անոր Գաղտնի Ըլլալուն Պատճառով»

RelatedPosts

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին  Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»

November 12, 2026
Պարրօ Եօթներու Խմբակին Մէջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Բացէն Խուսափելու Համար  «Համաձայնութեան» Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Պարրօ Եօթներու Խմբակին Մէջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Բացէն Խուսափելու Համար «Համաձայնութեան» Մասին Կը Խօսի

November 12, 2026
Իրաքցի Նախկին Երեսփոխան Մը  Թարիք Ժտիտէի Մէջ Սպաննուած Գտնուեցաւ
Լիբանանեան

Իրաքցի Նախկին Երեսփոխան Մը Թարիք Ժտիտէի Մէջ Սպաննուած Գտնուեցաւ

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.