Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճերըլտին Կրիֆիթ յայտնեց, որ Հըզպալլան է Լիբանանի հարցերուն բարդացման եւ բազմապատկուելուն պատճառը:
«Այդ մասին աշխարհը կը վկայէ եւ օրըստօրէ աւելի յստակ կը դառնայ: Հըզպալլա Լիբանանը չի պաշտպաներ, ինչպէս որ կը յաւակնի ընել, այլ անիկա ահաբեկչական կազմակերպութիւն է, որուն պարտականութիւնն է Իրանը պաշտպանել», ըսաւ ան:
Կրիֆիթ դիտել տուաւ, որ Հըզպալլայի կատարած ահաբեկչական գործողութիւններն են, որոնք կը սպառնան Լիբանանի ապահովութեան, կայունութեան եւ գերիշխանութեան: «Հըզպալլայի նպատակն է Իրանի շահերը պաշտպանել` լիբանանցիներուն շահերէն աւելի: Հըզպալլայի ահաբեկչական եւ տնտեսական կասկածելի գործողութիւններն են իսկական պատճառները` լիբանանցիներու տառապանքին», ըսաւ Կրիֆիթ:
Անդրադառնալով երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտի եւ լիբանանցի գործարարներ Ժիհատ Արապի եւ Տենի Խուրիի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու հաստատումին` Կրիֆիթ յայտնեց, որ այդ պատժամիջոցները որդեգրուած են փաստերու հիման վրայ` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է հաշուետուութեան ենթարկէ փտածները:
Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ ստեղծուած տագնապին մասին Կրիֆիթ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը քաջալերեն Լիբանանը շրջանի բոլոր երկիրներուն հետ լաւ եւ հեզասահ յարաբերութիւններ ունենալու:



