Կլասկոյի Մէջ. Շրջանային Եւ Միջազգային Ղեկավարներ Միքաթիին Կը Հաստատեն Լիբանանի Նկատմամբ Իրենց Զօրակցութիւնը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ մեկնեցաւ Սկովտիա` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի կլիմայի հարցերով 26-րդ խորհրդաժողովին: Միքաթիի կ՛ընկերակցի կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասին եւ Բրիտանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Մուրթատա: Խորհրդաժողովին ընթացքին Միքաթի Լիբանանի խօսքը պիտի արտասանէ այսօր: Կլասկոյի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին Միքաթի դիմաւորուեցաւ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի կողմէ: Միւս կողմէ, խորհրդաժողովին ներկայ ըլլալու կողքին, վարչապետ Միքաթի...


















