Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար երէկ ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած քաղաքացիներուն հարազատները, որոնց ներկայութեան յայտնեց, որ կարգ մը ամբաստանեալներ իր դէմ դատական հարց յարուցած են` կողմնակալ ըլլալու յանցանքով: «Ասիկա անճիշդ է, իսկ հետաքննութեան բովանդակութիւնը կարելի չէ բացայայտել` անոր գաղտնի ըլլալուն պատճառով», ըսաւ ան:
Պիթար շեշտեց, որ ինք պայթումի թղթածրարին հետաքննութիւնը ամէն իմաստով կը հետապնդէ: Ան վերահաստատեց, որ իր անաչառութիւնը կարելի չէ կասկածի տակ առնել:
«Նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակելէ պիտի չհրաժարիմ, բացի եթէ զիս հետաքննութենէն հեռացնեն` օրինական միջոցներով: Ճնշումներն ու սպառնալիքները պատճառ չեն կրնար դառնալ, որ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակելէ հրաժարիմ», հաստատեց Պիթար: