Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ ինք նախագահ Աունին ներկայացուցած է իր կատարած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները` լուծելու համար այն խնդիրները, որոնք արձանագրուեցան, երբ Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի կարգ մը երկիրներ որոշեցին տուն կանչել իրենց դեսպանները, ինչպէս նաեւ իրենց երկիրներուն մէջ գտնուող լիբանանցի դեսպաններէն պահանջեցին լքել իրենց երկիրները:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ ինք նախագահ Աունին ներկայացուցած է արտաքին գործոց նախարարութեան հասած բոլոր տեղեկագիրները, ինչպէս նաեւ այն միջոցները, որոնք պէտք է որդեգրել` լուծելու համար այդ հարցին հետեւանքները:
Արտաքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ նախագահ Աուն շեշտած է, թէ այս իմաստով Լիբանանի կեցուածքը մէկ է, այն իմաստով, որ Լիբանան կ՛ուզէ Սէուտական Արաբիոյ, Ծոցի եւ արաբական բոլոր երկիրներուն հետ հեզասահ յարաբերութիւններ ունենալ:
Պու Հապիպ յայտնեց, թէ նախագահ Աուն հանդիպումին ընթացքին ըսած է նաեւ հետեւեալը. «Այդ յարաբերութիւնները ոչ մէկ ձեւով պէտք է ազդուին այս կամ այն տեսակէտէն կամ կեցուածքէն, որովհետեւ անոնք կառավարութեան պաշտօնական տեսակէտը չեն ներկայացներ: Իսկ երկու պետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու տագնապ մը ստեղծուելու պարագային, այդ տագնապը պէտք է լուծուի երկխօսութեամբ, եղբայրական անկեղծ ոգիով, ինչպէս նաեւ հիմնուելով Արաբական լիկայի ճշդած սկզբունքներուն վրայ:
Կարեւորութեամբ կ՛ուզեմ շեշտել նաեւ այն իրականութիւնը, որ Լիբանան միշտ ալ գործած է ի խնդիր արաբական երկիրներու միասնականութեան եւ այդ պատճառով ալ սուղ վճարած է իր այս կեցուածքին գինը:
Այսօր Լիբանան արաբ իր եղբայրներէն ընդհանրապէս եւ Ծոցի երկիրներէն յատկապէս կը խնդրէ իրեն նեցուկ կանգնիլ` իր դիմագրաւած այս դժուար փուլին եւ տնտեսական տագնապին ընթացքին:
Այս փուլին ընթացքին Լիբանանէն հեռանալը ժխտական հետեւանքներ պիտի ունենայ եղբայր երկիրներու միասնականութեան վրայ: Բոլորս վստահ ենք, որ նախորդ օրերուն պատահածը պէտք է կանգ առնէ, եւ արաբական միացեալ շահերը պէտք է առաջնահերթ նկատուին. կրակին վրայ ձէթ պէտք չէ լեցնել:
Լիբանանը օր մը օրանց չարիքի անցք մը չէ նկատուած որեւէ երկրի կամ պետութեան դէմ, ինչպէս նաեւ Լիբանան կ՛ակնկալէ, որ հասկացողութիւն ցուցաբերուի երկրին ժողովրդավարութեան նկատմամբ, որուն հիմքը կը կազմէ մտքի եւ խօսքի ազատութիւնը, առանց սակայն այն հանգամանքին, որ այդ ազատութիւնը եղբայր երկիրներու յարաբերութիւնները վատթարացնէ»:
Պու Հապիպ. «Միքաթիի Կառավարութիւնը Չի Կրնար Հըզպալլայի Դերակատարութիւնը Սահմանափակել»
Միւս կողմէ, Պու Հապիպ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ Լիբանանի հարցին լուծման միակ միջամտութիւնը քաթարեանն է:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան Սէուտական Արաբիոյ հետ հեզասահ եւ բացառիկ յարաբերութիւններ կը փափաքի ունենալ:
«Մենք կը նախընտրենք երկխօսութիւն կատարել Ռիատի հետ», ըսաւ Պու Հապիպ` աւելցնելով, որ կառավարութեան հրաժարականը անհաւանական է, որովհետեւ կառավարութիւնը չէ սխալած:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի այդ յայտարարութիւնը կատարած է նախքան նախարար նշանակուիլը:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ կառավարութիւնը չի կրնար Հըզպալլայի դերակատարութիւնը սահմանափակել: «Ասիկա շրջանային հարց է, եւ Լիբանան կը գտնուի լուրջ հարցի դիմաց:
Եթէ անոնք Հըզպալլայի գլուխը կ՛ուզեն, ապա մենք չենք կրնար ատիկա իրենց տրամադրել», ըսաւ ան:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ նախքան Քըրտահիի հարցը, արդէն իսկ Սէուտական Արաբիոյ հետ երկխօսութիւն չկար` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութենէն ի վեր Լիբանանի մէջ Ռիատի դեսպանը ոչ մէկ ձեւով երկխօսութիւն կամ գործակցութիւն ցուցաբերած է:
Ան աւելցուց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Կլասկոյի խորհրդաժողովին զուգահեռ կը փափաքէր հանդիպում ունենալ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ:
Հուսամ Զաքի. «Լիբանանի Եւ Ծոցի Երկիրներու Դիւանագիտական Տագնապը Լուծելու Նպատակով Արաբական Լիկան Նախաձեռնութիւն Չունի»
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զաքի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ տագնապի լուծման առումով Արաբական լիկան ոչ մէկ նախաձեռնութիւն առաջադրած է` աւելցնելով, որ այս իմաստով առնուելիք որեւէ քայլ, որուն ձախողութիւնը ի սկզբանէ յստակ է` պէտք չէ առնուի, որովհետեւ անիկա կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ:
Զաքի նշեց, որ լիբանանեան-սէուտական տագնապը սկսած է մագլցումներ արձանագրել` աւելցնելով, որ այս իրականութիւնը բնաւ ողջունելի չէ:
«Լիբանանը եւ Ծոցի երկիրները պէտք է մագլցումներուն վերջ տան եւ ինքնազսպումի ենթարկուին: Այս տագնապին աւելի ճկուն մօտենալու նպատակով երրորդ կողմի կարիք կայ», ըսաւ ան:
Զաքի յայտնեց, որ Լիբանանը Արաբական լիկայէն դուրս բերելու ոչ մէկ խօսակցութիւն կայ, «սակայն Լիբանան, նկատի ունենալով իր տագնապալի իրավիճակը, տնտեսական կազմուածքը եւ գալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները, պէտք է լաւապէս սերտէ իր կացութիւնը եւ ճշդէ, թէ որո՛նք են այն կողմերը, որոնց հետ կ՛ուզէ գործակցիլ», ըսաւ ան: