Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 3, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 822 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամ ահաբեկիչ մը, որ խոստովանեցաւ, թէ հաւաքած է մեծ քանակութեամբ պայթուցիկ նիւթ եւ շինած է ականներ` Աքքարի մէջ կրօնական կեդրոն մը պայթեցնելու նպատակով:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան մեծ կորուստի` հարիւր միլիոնաւոր տոլարի կորուստի դէմ յանդիման կը գտնուի` դէպի Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի երկիրներ լիբանանեան արտադրութիւններուն արտածումի կասեցման պատճառով: Սալամ հաստատեց, որ կան բարձր մակարդակի միջամտութիւններ եւ ջանքեր` երկու երկիրներուն միջեւ տագնապը լուծելու համար:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի քաղաքական ուժերուն հետ կը քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է Ծոցի երկիրներուն հետ ստեղծուած դիւանագիտական տագնապը հարթել: Ան աւելցուց, որ Միքաթի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն համաձայն են Լիբանանի կայունութեան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց կառավարութեան աշխատանքի մեկնարկը կատարել բոլոր ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ Ծոցի երկիրներուն հետ ստեղծուած վտանգաւոր տագնապը լուծել:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը Հըզպալլայի ղեկավարութեամբ գործող աշխատանքային սենեակներէն մէկն է, որուն անդրանիկ զոհերը պիտի ըլլան երեսփոխանական ընտրութիւնները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իր տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ Հըզպալլա սկսած է Եմէնէն իր խորհրդականները տուն կանչել:

ԵԼԵԿՏՐԱԾԻՆ շարժակներու սեփականատէրերու համախմբումը կոչ ուղղեց ժողովուրդին յանձնառու մնալու իրենց ճշդած սակին` հաստատելով, որ ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ ճշդուած սակը իրենց հաշուոյն անարդար է: Համախմբումը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը գրէ, թէ ելեկտրական հոսանք ստանալու նպատակով բաժանորդագրուած քաղաքացիները պէտք է իրեն հետ գործակցին` իրենց բնակարանները լուսաւոր պահելու համար:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի տարբեր պատասխանատուներու եւ քաղաքական ղեկավարներու հետ հանդիպումներու ընթացքին հաստատած է, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ պէտք է հրաժարի յառաջիկայ տարեսկիզբին:

Ըստ «Ախպար»-ի, Միքաթի նախանցեալ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ պահանջած է անոնցմէ ճնշում բանեցնել, որպէսզի տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի իր հրաժարականը ներկայացնէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով սէուտցի անձնաւորութիւններէ, կը գրէ, թէ Լիբանանի մասին որոշումը որոշ ժամանակէ ի վեր տրուած է: «Նոյն աղբիւրին համաձայն, սէուտական պաշտօնական կեցուածքը Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը կը նկատէ մոխրագոյն կառավարութիւն մը, որ իրեն համար անբաղձալի է», կը գրէ օրաթերթը: Ըստ «Ժումհուրիա»-ի, միջազգային ընտանիքը կը մերժէ, որ Լիբանան Հըզպալլայի իշխանութեան տակ գտնուի, իսկ Ուաշինկթըն այս կեցուածքին նկատմամբ հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ:

 

 

Նախորդը

«Քո Հողի Եւ Գրի Տէրը Եղար, Սիրելի՛ Լեւոն…»

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ. «Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Դիմակայելու Համար Բազմաթիւ Արտակարգ Միջոցառումներ Որդեգրած Ենք» Շեշտեց Զօր. Աուն

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?