Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի միջինարեւելեան երկիրներու հետ յարաբերութեանց պատասխանատու յանձնախումբի նախագահ Իզապել Սանթոսը` ընկերակցութեամբ յանձնախումբին անդամներուն:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կայանան յառաջիկայ գարնան` սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին համաձայն:
Ան նկատել տուաւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպումը կը կատարուի այնպէս մը, որ ընտրութիւնները կատարուին ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ թափանցիկութեան մթնոլորտի մէջ:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները իրենց հետեւանքները ունեցած են երկրին տնտեսութեան, պետական պաշարներուն եւ պետութեան ունեցած նիւթական պարտաւորութիւնները կատարելու յանձնառութեան վրայ:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Լիբանան հասած մէկ միլիոն 850 հազար սուրիացի տեղահանուածներուն, «Քորոնա» համաճարակին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, ինչպէս նաեւ ներկայիս Ծոցի երկիրներուն կողմէ Լիբանանի դէմ որդեգրուած քայլերուն:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ ու Ծոցի երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւնը հարթելու փորձեր կը կատարուին տարբեր մակարդակներու վրայ` յարմար լուծումներու յանգելու յոյսով:
Նախագահ Աուն հաստատեց նաեւ, որ կառավարութիւնը կը պատրաստուի Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն սկսելու` ապահովելու համար տնտեսական վերականգնումն ու բարեկարգումներու իրականացումը:
Ան շեշտեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը պիտի շարունակուի` ամբողջ ճշմարտութիւնը բացայայտելու եւ պատասխանատուութիւնները ճշդելու համար:
Նախագահ Աուն ընդգծեց լիբանանցի երիտասարդներուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական կեանքին մէջ կիներու դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ան յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը դրուատիքի արժանի է, յատկապէս նկատի ունենալով Եւրոպական Միութեան կողմէ Լիբանանին տրամադրուած քաղաքական զօրակցութիւնն ու մարդասիրական եւ ընկերային օժանդակութիւնները:
Սանթոս Լիբանանի նկատմամբ Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը վերահաստատեց` ընդգծելով, որ Եւրոպական խորհրդարանը մօտէն կը հետեւի լիբանանեան իրադարձութիւններուն, յատկապէս կ՛ընդգծէ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ եւրոպական խորհրդարաններուն միջեւ յարաբերութիւնները: