Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Կայացնելու Երեսփոխանական Ընտրութիւնները» Շեշտեց Մաուլաուի

November 6, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի միջինարեւելեան երկիրներուն հետ յարաբերութեանց պատասխանատու յանձնախումբի նախագահ Իզապել Սանթոսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սանթոս յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ այդ ընտրութիւնները կազմակերպող մարմինին աշխատանքները, որոնք շատ կարեւոր են:

Սանթոս ընդգծեց, որ իրենք մտահոգութիւն յայտնած են այս մարմինին կատարելիք աշխատանքին առումով եւ այդ մասին յայտնած են նախարար Մաուլաուիին, որ իր կարգին փարատած է իրենց մտահոգութիւնները` հաստատելով, որ պետական ամավարկին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու ծախսերը ամբողջութեամբ պիտի ապահովուին, եւ որ նախարարութիւնը պատրաստ է կայացնելու երեսփոխանական ընտրութիւնները` սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին ընթացքին:

Սանթոս նկատել տուաւ, որ նախարար Մաուլաուիի հետ քննարկած են նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

«Նախարարին յայտնեցինք հետաքննութեան կողմնակալ ընթացքին մասին մեր մտահոգութիւնը, սակայն ան շեշտեց դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութիւնն ու անաչառութիւնը», ըսաւ Սանթոս:

Իր կարգին, Մաուլաուի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին` պահանջելով, որ միջազգային դէտեր հսկեն այդ ընտրութիւններուն` Լիբանանի նկատմամբ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը ամրապնդելու եւ ընտրութիւններուն թափանցիկութիւնը ապահովելու նպատակով:

Միւս կողմէ, Սանթոս Եւրոպական Միութեան Պէյրութի կեդրոնատեղիին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ներկայացուց Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու իմաստով Եւրոպական Միութեան պատկերացումը, որ հիմնուած է երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման, Լիբանանի կառավարութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ բանակցութիւններ սկսելու, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակելու վրայ:

Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆ:

Նախորդը

«Հաղորդակցութեան Մարզին Համար Մազութ Ապահովուած Է, Եւ Այդ Մարզին Ծառայութիւններուն Սակերը Պիտի Մնան Անփոփոխ» Շեշտեց Քըրըմ

Յաջորդը

Զօր. Աուն Շարունակեց Ուաշինկթընի Մէջ Իր Հանդիպումները

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.