Լիբանանեան

Պաապտայի Մէջ.   «Վաղը Արեւը Կը Ծագի, Եւ Մարդիկ Կը Տեսնեն»   Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Պաապտայի Մէջ. «Վաղը Արեւը Կը Ծագի, Եւ Մարդիկ Կը Տեսնեն» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Միքաթի բաւարարուեցաւ ըսելով. «Ո՞վ ըսաւ, որ դրական երեւոյթներ չկան: Վաղը արեւը կը ծագի, եւ մարդիկ կը տեսնեն»: Նշենք, որ նախագահ Աուն ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Անմեղները դատական իշխանութենէն չեն վախնար: Ինչպէս իմամ Ալի կ՛ըսէ. «Ո՛վ որ...

Վարչապետ Միքաթի Կը Հաստատէ Ծոցի  Երկիրներուն Հետ Եղբայրական Յարաբերութիւնները  Պահպանելու Առաջնահերթութիւնը

Վարչապետ Միքաթի Կը Հաստատէ Ծոցի Երկիրներուն Հետ Եղբայրական Յարաբերութիւնները Պահպանելու Առաջնահերթութիւնը

Նկատի ունենալով ժողովներու գումարումին վերսկսելու նախարարաց խորհուրդին անկարողութիւնը, քաղաքական կարգ մը աղբիւրներ մտավախութիւն յայտնեցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը արդէն իսկ վերածուած է ընթացիկ հարցերու կառավարութեան` առանց հրաժարելու: Միւս կողմէ, Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ, ինչպէս նաեւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ փշոտ, եւ քաղաքական որոշ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ այդ լարուածութիւնը հարթելու համար քուլիսներու ետին ճիգեր ի գործ...

Վառելանիւթի Սակերը Դարձեալ Կը Սղին

Վառելանիւթի Սակերը Դարձեալ Կը Սղին

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 4.200 լ. ոսկիով, 95 օքթան պենզինը` 4.500 լ. ոսկիով, տիզըլ օյլը` 10.100 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 6.600 լ. ոսկիով: Այս սակացոյցին համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 317.600 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինը` 308.500 լ. ոսկի, մազութը` 292.600 լ. ոսկի,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1004 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆիրաս Ապիատ հաստատեց, որ յառաջիկայ ամիս Լիբանանի մէջ այլընտրանքային դեղորայքի յաւելեալ ընտրանքներ պիտի ըլլան` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի առողջապահութեան մարզին նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատելու, որպէսզի կարելի ըլլայ դարձեալ նուիրատուութիւններ ստանալ: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նասեր Եասին կոչ...

Պըրրի 10 Նոյեմբերին Խորհրդարանի Միացեալ  Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Նիստի

Պըրրի 10 Նոյեմբերին Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Նիստի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր` չորեքշաբթի, 10 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր: Միւս կողմէ, Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ եւ քննարկեց դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու իրաւունքներուն հարցը: Պըրրի հաստատեց, որ քաղաքացիները իրենց պահ դրած գումարները ստանալու իրաւունքը ունին`...

«Մեր Նպատակն Է Ամբողջ Պուրճ Համուտը  Ընդգրկել Բարեզարդումի Եւ Նորոգութեան  Աշխատանքներուն Մէջ, Իսկ Աղբահանումի Աշխատանքը  Կը Կատարուի Կարելիութեան Սահմաններուն Մէջ»   Շեշտեց Ճորճ Գրիգորեան

«Մեր Նպատակն Է Ամբողջ Պուրճ Համուտը Ընդգրկել Բարեզարդումի Եւ Նորոգութեան Աշխատանքներուն Մէջ, Իսկ Աղբահանումի Աշխատանքը Կը Կատարուի Կարելիութեան Սահմաններուն Մէջ» Շեշտեց Ճորճ Գրիգորեան

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան «Վանայ Ձայն»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի աշխատանքներէն բարեզարդումին եւ աղբահանումին: Ճ. Գրիգորեան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի շէնքերու վիճակի բարելաւումին իմաստով աշխատանք տարուած է քաղաքապետարանին կողմէ: Պուրճ Համուտի տնտեսութիւնը գլխաւորաբար հիմնուած է փոքր առեւտուրի վրայ: «Հակառակ տնտեսական եւ ապրուստի դժուարութիւններուն, շուկայ մը որոշ չափով գրաւիչ եւ յարմարաւէտ պէտք է ըլլայ,...

Ժոմպլաթ. «Քըրտահի Պէտք Է Հրաժարի,  Իսկ Լիբանան Պէտք Է Սէուտական  Արաբիայէն Ներում Հայցէ»

Ժոմպլաթ. «Քըրտահի Պէտք Է Հրաժարի, Իսկ Լիբանան Պէտք Է Սէուտական Արաբիայէն Ներում Հայցէ»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի նիւթական պարտաւորութիւններուն հարցը ունի միայն մէկ լուծում, որն է Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Միջազգային դրամատան հետ կատարուելիք բանակցութիւնը: Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի յայտարարութիւնը` զայն նկատելով անպատասխանատու նախարար մը, որ հանդէս եկած է անմիտ յայտարարութեամբ: Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Քըրտահի պէտք է հրաժարի, իսկ Լիբանան պէտք է...

Պէյրութի Մէջ.   «Արաբական Լիկային Նպատակն Է  Լիբանանեան-Սէուտական  Տագնապին Առումով Յանգիլ Ելքի Մը»  Շեշտեց Հուսամ Զաքի

Պէյրութի Մէջ. «Արաբական Լիկային Նպատակն Է Լիբանանեան-Սէուտական Տագնապին Առումով Յանգիլ Ելքի Մը» Շեշտեց Հուսամ Զաքի

Արաբական լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զաքիի, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ` լուծում մը ապահովելու համար Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ ստեղծուած դիւանագիտական տագնապին: Հանդիպումներէն ետք Զաքի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի իշխանութեան պետերը Ծոցի երկիրներուն հետ հեզասահ յարաբերութիւններու կառչած կը մնան: Ան աւելցուց, որ ինք լիբանանեան քաղաքական...

Տնտեսական Ընկերային Խորհուրդին Հետ  Հանդիպումին Ընթացքին.   «Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Զարգացումներ  Իրականացուցած Ենք, Իսկ Հատուցման Քարտը Կը Փորձենք  Միջազգային Դրամատան Ճամբով Ֆինանսաւորել»  Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Տնտեսական Ընկերային Խորհուրդին Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Զարգացումներ Իրականացուցած Ենք, Իսկ Հատուցման Քարտը Կը Փորձենք Միջազգային Դրամատան Ճամբով Ֆինանսաւորել» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Տնտեսական ընկերային խորհուրդի կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի, խորհուրդի յանձնախումբերու նախագահներուն, կարգ մը սենտիքաներու նախագահներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը երեսփոխաններու հետ: Հանդիպումին ընթացքին Արպիտ յայտնեց, որ մինչ Լիբանան տնտեսական եւ ընկերային իր տագնապները լուծելու խիստ կարիք ունի, արաբական երկիրներուն հետ անոր յարաբերութիւններուն ապրած դիւանագիտական տագնապը մուտք կը գործէ լուրջ փուլ մը...

Մաուլաուի. «Մեր Նպատակն Է Երեսփոխանական  Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարել»

Մաուլաուի. «Մեր Նպատակն Է Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարել»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան նպատակն է երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել: Ան կոչ ուղղեց շրջանային եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն դէտեր ուղարկելու Լիբանան` հսկելու համար ընտրութիւններուն: Մաուլաուի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար իրենք նախապատրաստական աշխատանքներուն արդէն իսկ սկսած են` աւելցնելով, որ ինք եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ամէն ջանք ի...

Թարիք Ժտիտէի Եւ Քոլայի Մէջ Ձեռնառումբեր  Եւ Ուժանակ` Նախարար Սալամի Այցելութիւնը Մերժելու

Թարիք Ժտիտէի Եւ Քոլայի Մէջ Ձեռնառումբեր Եւ Ուժանակ` Նախարար Սալամի Այցելութիւնը Մերժելու

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ երէկ շրջապտոյտ մը կատարեց Թարիք Ժտիտէի եւ Քոլայի մէջ` ստուգելու համար, թէ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերը օրէնքին գործադրութեան յանձնառու մնացա՞ծ են եւ հաշուիչներ տեղադրա՞ծ, սակայն անոր դէմ ելան խախտումներ արձանագրած ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերը: Սալամ յայտնեց, որ հաշուիչները չզետեղելը անիրաւութիւն է` աւելցնելով, որ ինք նաեւ այլ շրջաններ պիտի այցելէ` ստուգելու համար տիրող կացութիւնը: Նշենք, որ Թարիք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 240 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը արգելակող կողմերուն նպատակն է լիբանանեան պետութիւնը կազմաքանդել եւ Լիբանանի միասնականութիւնը հարուածել: ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ հատուցման քարտին առնչուած բոլոր մանրամասնութիւնները պատրաստ են` աւելցնելով, որ խորհրդարանին կողմէ այդ...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Արաբական Լիկայի Պատուիրակութիւնը Կը Փութայ Լիբանան` Լուծելու Ծոցի Երկիրներուն Հետ Ստեղծուած Դիւանագիտական Տագնապը

Արաբական լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զաքիի, այսօր կը հասնի Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ` լուծելու համար Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ ստեղծուած դիւանագիտական տագնապը: Զաքի հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Միւս կողմէ, անցեալ շաբաթավերջին Պէյրութի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան...

Լիբանան Կը Դատապարտէ Քազիմիի Դէմ  Գործուած Մահափորձը

Լիբանան Կը Դատապարտէ Քազիմիի Դէմ Գործուած Մահափորձը

Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիի դէմ մահափորձը երէկ դատապարտեցին Լիբանանի իշխանութեան պետերը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ անձնաւորութիւններ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն խստիւ դատապարտեց Քազիմիի դէմ մահափորձը` զայն նկատելով վարչապետին անձին ու Իրաքի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը, Իրաքի ազգային միասնականութիւնը ամրապնդել փորձող, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսութիւնը աշխուժացնող քայլերը թիրախ դարձնող յարձակում մը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քազիմիի...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը  Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան Առանց  Նախապայմանի Վերադառնալու Իր Նիստերուն

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան Առանց Նախապայմանի Վերադառնալու Իր Նիստերուն

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը շաբաթավերջին գումարեց իր առցանց նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը կառավարութենէն պահանջեց առանց նախապայմանի վերադառնալ իր նիստերուն` աւելցնելով, որ երկրին ընկերային տագնապները կառավարական եւ խորհրդարանական զօրաշարժի կարիք ունին` վաւերացնելու համար ելեւմտական ապաքինման ծրագիրը, ինչպէս նաեւ իրականացնելու համար բարեկարգումներն ու որդեգրուած այն դասաւորումները, որոնք կը սահմանափակեն լիբանանցիներուն տառապանքը: Ազգային ազատ հոսանք...

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է  Կատարուին Ճշդուած Թուականին  Եւ ՄԱԿ-ի Հսկողութեամբ»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Կատարուին Ճշդուած Թուականին Եւ ՄԱԿ-ի Հսկողութեամբ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ եթէ կառավարութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններն ու տնտեսական կեանքը արգելակողները Աստուծմէ վախ ունենային, ապա անոնք կը ջանային Աստուծոյ կամքը տեսնելու համար ամրապնդել այդ հաստատութիւններուն աշխատանքները եւ աշխուժացնել երկրին տնտեսական կեանքը: «Բայց եւ այնպէս մենք կը վկայենք հակառակը եւ կը տեսնենք, թէ պետական կեանքն...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 824 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Լիբանան կը տառապի անփորձներու վստահուած ըլլալուն պատճառով: «Արդեօք ընդունելի՞ է, որ Լիբանանի տառապի եւ մեկուսացուի այնպիսի յայտարարութիւններու համար, որոնք երկրին ազգային շահերը առաջնահերթութիւն չեն նկատեր», հարց տուաւ Աուտէ եպիսկոպոս: ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ...

Ընտրական Օրէնքը Բարեփոխումի  Ենթարկելու Օրէնքը Ուժի Մէջ Է

Ընտրական Օրէնքը Բարեփոխումի Ենթարկելու Օրէնքը Ուժի Մէջ Է

Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ պետական պաշտօնաթերթին կողմէ հրատարակուած թիւ 43 յաւելուածին մէջ լոյս տեսած է ընտրական օրէնքի բարեփոխումին վերաբերող օրէնքը, որ կը վերաբերի երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ընտրական օրէնքը բարեփոխումի ենթարկող օրէնքը հանրապետութեան նախագահին ստորագրութիւնը չի կրեր, եւ այդ օրէնքը նախագահին կողմէ երկու շաբաթ առաջ ուղարկուած է խորհրդարան եւ պահանջուած վերատեսութեան...

Լիբանանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ  Միջեւ Տագնապը Կը Յամենայ

Լիբանանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Տագնապը Կը Յամենայ

Մինչ Սէուտական Արաբիոյ տնտեսութեան եւ առեւտուրի պալատներու նախագահ Աժլան Աժլան կոչ ուղղեց սէուտցի գործարարներուն եւ սէուտական ընկերութիւններուն կասեցնելու Լիբանանի հետ առեւտրական եւ տնտեսական գործունէութիւնը, Ֆրանսա կոչ կ՛ուղղէ Ծոցի երկիրներուն Լիբանանը չմեկուսացնելու` դիւանագիտական տարակարծութեան մը պատճառով: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան յայտնեց, որ Փարիզ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` Լիբանանի եւ արաբական երկիրներուն միջեւ ստեղծուած տագնապը լուծելու:...

Վարչապետ Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց  Ապահովութեան Խորհուրդի  Նիստին Նախապատրաստութիւնները

Վարչապետ Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստին Նախապատրաստութիւնները

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որ յայտնեց, թէ Միքաթիի հետ քննարկած է 29 նոյեմբերին գումարուելիք Ապահովութեան խորհուրդի նիստին նախապատրաստութիւնները: Վրոնեցքա նշեց, որ այս առիթով ինք եւս պիտի պատրաստէ տեղեկագիր մը, որ պիտի յղուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին: «Խորհրդակցական այս հանդիպումներուն նպատակն է իմանալ Լիբանանի մէջ արձանագրուող քաղաքական իրադարձութիւնները եւ այդ...

Page 380 of 988 1 … 379 380 381 … 988

Արխիւներ