Լիբանանեան

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Կ՛ակնկալենք, Որ Պետական Ամավարկը Իրապաշտ Ըլլայ»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Կ՛ակնկալենք, Որ Պետական Ամավարկը Իրապաշտ Ըլլայ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ նախագահեց պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները: Պլոքին նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ կառավարութեան նիստերուն մասնակցելու մասին Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին տուած միացեալ որոշումը երկրին քաղաքական տեղքայլին վերջ տուած է, եւ մէկ կողմէ` առիթ տուած է պետական ամավարկը սերտելու, իսկ միւս կողմէ` տնտեսական ապաքինման ծրագիրը վերջնականացնելու, որպէսզի կարելի...

Ապպաս Իպրահիմ. «Պէտք Է Գործակցիլ Թափանցիկութեան Ամէնէն Բարձր Չափանիշներուն Հիման Վրայ` Դուրս Գալու Համար Ամբողջ Լիբանանը Հարուածած Աղէտէն»

Ապպաս Իպրահիմ. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով Փետերսոն Գործնական Պատկերացումներ Ունի»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ ելեւմտական եւ ընկերային կայունութիւն հաստատել` առանց քաղաքական կայունութեան: Ան մտահոգութիւն յայտնեց համայնքային սուր եւ լարուած ճառախօսութիւններէն, որոնք կը հնչեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատրաստուելու շրջագիծին մէջ: Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ ինք գրաւը կը դնէ քաղաքացիական պատերազմի փորձառութիւնը...

Պաղտատի Մէջ.   Վարչապետ Միքաթիի Ներկայացուցիչ Նախարար Պուչիքեան Բացումը Կատարեց Լիբանանեան Արտադրութիւններու Ցուցահանդէսին

Պաղտատի Մէջ. Վարչապետ Միքաթիի Ներկայացուցիչ Նախարար Պուչիքեան Բացումը Կատարեց Լիբանանեան Արտադրութիւններու Ցուցահանդէսին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան Պաղտատի մէջ բացումը կատարեց Լիբանանեան արտադրութիւններու ցուցահանդէսին: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Իրաքի ճարտարարուեստի նախարար Մանհալ Ազիզ Խապպազ, Իրաքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հըպհապ, հիւպատոս Ուիսամ Քալաքեշ, դեսպանատան առեւտրական կցորդ Սալահ Սալեհ, Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլի ներկայացուցիչ Զիատ Շամմաս եւ բարձրաստիճան այլ պատասխանատուներ: Այս առիթով Պուչիքեան իր արտասանած խօսքին մէջ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 5628 վարակուածներ եւ մահացած 15 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 23.150 լ. ոսկիի: ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ երկուշաբթի, 24 յունուար 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ 2022-ի պետական ամավարկն ու 56 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը...

Նախագահ Աուն. «Երկխօսութեան Կառչած Կը Մնանք, Իսկ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Պիտի Կատարուին»

Նախագահ Աուն. «Երկխօսութեան Կառչած Կը Մնանք, Իսկ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Պիտի Կատարուին»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմը`  գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ տնտեսական եւ ելեւմտական ծանր տագնապի տակ գտնուող Լիբանանը, որ կը տառապի երկրին մէջ որդեգրուած ելեւմտական եւ տնտեսական ձախող գործելաոճին պատճառով, ենթակայ դարձած է աւելի սուր տագնապի մը` «Քորոնա» համաճարակին եւ...

Հարիրի Վերադարձաւ Լիբանան

Հարիրի Վերադարձաւ Լիբանան

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վերադարձաւ Լիբանան: Ան Պէյրութ հասնելէն անմիջապէս ետք ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները եւ երկիրը յուզող ընդհանուր հարցերը: Ապա ան ուղղուեցաւ Տար Ֆաթուա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանը յուզող տագնապը: Հարիրի այցելեց նաեւ Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջափակին մէջ գտնուող...

«Հիպա» Ձիւնամրրիկը Հեռացած Է Լիբանանէն, Սակայն Սաստիկ Ցուրտը Պիտի Տեւէ Մինչեւ Շաբաթ Գիշեր

«Հիպա» Ձիւնամրրիկը Հեռացած Է Լիբանանէն, Սակայն Սաստիկ Ցուրտը Պիտի Տեւէ Մինչեւ Շաբաթ Գիշեր

Պէյրութի միջազգային օդակայանի Օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ Լիբանանը հարուածած «Հիպա» ձիւնամրրիկը հեռացած է` աւելցնելով սակայն, որ սաստիկ ցուրտը պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթ գիշեր: Ըստ Օդերեւութաբանական գրասնեակին, ծովու մակերեսէն մինչեւ 600 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող շրջաններուն մէջ ճամբաները կրնան սառցակալիլ, իսկ շրջանները ընդհանրապէս կրնան մշուշապատ ըլլալ: Հետեւաբար գրասենեակը կը զգուշացնէ քաղաքացիները սայթաքումի հաւանականութենէն: Շաբաթավերջի նախատեսումներուն համաձայն, նոր փոթորիկ մը Լիբանանը պիտի...

Պասիլ. «Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Կողմնակալութեամբ Կը Կատարուի, Իսկ Հըզպալլայի Հետ Տարակարծութիւնները Մեծ Են` Ներքին Լիբանանեան Առումով»

Պասիլ. «Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Կողմնակալութեամբ Կը Կատարուի, Իսկ Հըզպալլայի Հետ Տարակարծութիւնները Մեծ Են` Ներքին Լիբանանեան Առումով»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքը ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի մասնակցի երեսփոխանական ընտրութիւններուն` աւելցնելով, որ կուսակցութեան ծրագիրը կը մնայ նոյնը` պետականակերտում, որ անկարելի է իրագործել, երբ փտածութիւն կը տիրէ: Երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դաշնակիցներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պասիլ հաստատեց, որ ներքին...

Բանակը Իր Զինուորականներուն Իմացուց, Որ Ամերիկեան Տոլարով Նիւթական Օժանդակութիւն Պիտի Ստանան

Բանակը Իր Զինուորականներուն Իմացուց, Որ Ամերիկեան Տոլարով Նիւթական Օժանդակութիւն Պիտի Ստանան

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնութիւնը լիբանանեան բանակի սպաներէն      խնդրեց բոլոր զինուորականներուն իմացնել, թէ ամերիկեան տոլարով նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրուի անոնց: Սպաները հաստատեցին, որ նիւթական այդ օժանդակութիւնը պիտի տրամադրուի բոլորին անխտիր, հետեւաբար բոլոր զինուորականները, ըլլան անոնք ամուսնացած թէ ամուրի, պիտի ստանան այդ օժանդակութենէն: Նոյն աղբիւրները կոչ ուղղեցին բանակայիններուն չմտահոգուելու:  

Պլինքըն. «Հըզպալլա Եւ Անոր Դաշնակիցները Հետաքրքրուած Են Լիբանանցիներուն Շահերէն Աւելի Իրանի Շահերը Ամրապնդելով»

Պլինքըն. «Հըզպալլա Եւ Անոր Դաշնակիցները Հետաքրքրուած Են Լիբանանցիներուն Շահերէն Աւելի Իրանի Շահերը Ամրապնդելով»

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը պատժամիջոցներ պարտադրեց Հըզպալլայի մօտիկ երեք անհատներու, ինչպէս նաեւ ճամբորդական գրասենեակի մը դէմ, որուն կեդրոնը Լիբանանն է: Հըզպալլայի երեք անդամներն են գործարար Ատել Ալի Տիապ, Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Ալի Մոհամետ Տաաուն եւ Հըզպալլայի անդամ Ժիհատ Սալեմ Ալամէ, որ կուսակցութեան ելեւմտական, գումակային եւ արհեստագիտական օժանդակութիւն կը տրամադրէ, իսկ ճամբորդական գրասենեակն է «Տար էլ Սալամ» զբօսաշրջական գրասենեակը: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 7110 վարակուածներ եւ մահացած 16 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 22.900 լ. ոսկիի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորման խորհրդարանական յանձնախումբերը միացեալ նիստի մը հրաւիրեց չորեքշաբթի, 26 յունուար 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց...

Երկուշաբթի Օրուան Կառավարութեան Նիստին Ընդառաջ.  Կացութեան Բարելաւման Ճիգերը Խոստմնալից Քայլերով Կ՛աշխուժանան

Երկուշաբթի Օրուան Կառավարութեան Նիստին Ընդառաջ. Կացութեան Բարելաւման Ճիգերը Խոստմնալից Քայլերով Կ՛աշխուժանան

Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին եռամսեայ «դադարէ» ետք կառավարութիւնը վերսկսի իր ընթացիկ ժողովներուն` փորձելով իր բնականոն հունին վերադարձնել երկրի պետական թէ վարչամեքենայի գրասենեակներու գործունէութիւնը: Կառավարութեան գործունէութեան վերաշխուժացման այս քայլը անմիջական արդիւնքն էր Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի միացեալ հաղորդագրութեան, ուր անոնք կը յայտարարէին, թէ որոշած են, որ զիրենք ներկայացնող նախարարները կը վերադառնան նախարարաց խորհուրդի նիստերուն` միաժամանակ հիմնաւորելով այս քայլին պատճառները: Այս...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Ողջունեց Կառավարութեան Ժողովները Վերսկսելու Որոշումը

Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց իր առցանց ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, թէ կառավարութեան ժողովներուն վերսկսիլը դրական քայլ է, մաղթելով, որ անիկա սկիզբը ըլլայ նաեւ այլ դրական քայլերու, որոնք պէտք է առնուին: Պասիլ նկատել տուաւ, որ պահանջուածը աշխուժութիւն է եւ արդիւնաւէտ ըլլալու իրականութիւն` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան սահմանադրութեամբ ճշդուած վարչապետի իրաւասութիւններուն եւ...

Երեսփոխան Բագրատունի «Էմ. Թի. Վի.»-ին Կը Բացայայտէ ՀՅԴ-ի Ընտրական Ուղղուածութիւնը

Երեսփոխան Բագրատունի «Էմ. Թի. Վի.»-ին Կը Բացայայտէ ՀՅԴ-ի Ընտրական Ուղղուածութիւնը

ԿԱՊՐԻԷԼ ՄԸՐԱՏ ՀՅԴ-ն ի՞նչ աշխատանքի մէջ է: Հարցում մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին` մեկնելով իր դաշինքներէն, որոնք ցուցանիշներ կը նկատուին անոր մասնակցած ընտրաշրջաններուն մէջ արձանագրուելիք արդիւնքներուն: Սակայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս շրջանին լուռ է, նոյնիսկ եթէ անոր մեքենաները կը գործեն ծառայողական եւ քաղաքական մակարդակներով: 1890-ին հիմնուած կուսակցութիւնը կը նկատուի լիբանանահայութեան մեծագոյն ներկայացուցիչը, սակայն ժողովրդային եւ քաղաքական այս ծանրութիւնը...

Պաապտայի Մէջ.  «Կը Հանդիպինք Յառաջիկայ Շաբաթ` Կառավարութեան Նիստին»  Շեշտեց Միքաթի

Պաապտայի Մէջ. «Կը Հանդիպինք Յառաջիկայ Շաբաթ` Կառավարութեան Նիստին» Շեշտեց Միքաթի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պաապտայէն կատարած յայտարարութեան մէջ վարչապետը յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ համաձայնած են կարգ մը հարցերու շուրջ: «Կը հանդիպինք յառաջիկայ շաբաթ` կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին 2022-ի պետական ամավարկն ու կենցաղային հրատապ հարցեր», ըսաւ ան: Միւս կողմէ, տեղեկատուական աղբիւրներ յայտնած էին,...

Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց  Երկրին Իրադարձութիւնները

Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակը: Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:  

Վարչապետ Միքաթի Քննարկեց Կրթական Մարզը Յուզող Հարցեր

Վարչապետ Միքաթի Քննարկեց Կրթական Մարզը Յուզող Հարցեր

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց հանդիպումի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան կրթական մարզը յուզող հարցեր: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի, կրթական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, ինչպէս նաեւ կրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաք եւ Միքաթիի խորհրդատու Զիատ Միքաթի: Քննարկուեցան կրթական մարզը յուզող հարցերն ու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն պահանջները: Վարչապետ Միքաթի...

Պուչիքեան Քննարկեց Ճարտարարուեստի Նախարարութեան Եւ Միջազգային Դրամատան Միջեւ Գործակցութեան Միջոցները

Պուչիքեան Քննարկեց Ճարտարարուեստի Նախարարութեան Եւ Միջազգային Դրամատան Միջեւ Գործակցութեան Միջոցները

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչ Սարուժ Քումարճահը, որուն հետ քննարկեց ճարտարարուեստի նախարարութեան եւ Միջազգային դրամատան միջեւ գործակցութեան միջոցները` գործադրելու համար այնպիսի ծրագիրներ, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են ելեկտրոնային գործառնութիւններուն, ինչպէս նաեւ բարելաւելու համար կարգ մը արդիւնաբերական մարզեր, ինչպէս` դեղորայքի եւ պատուաստներու արտադրութիւնը:

Դատախազ Ղատա Աուն Արգիլեց Ռիատ Սալամէն Իր Բոլոր Կալուածներն Ու Ինքնաշարժները Գործածելէ

Դատախազ Ղատա Աուն Արգիլեց Ռիատ Սալամէն Իր Բոլոր Կալուածներն Ու Ինքնաշարժները Գործածելէ

Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն, որ նախապէս արգիլած էր Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի  օդային, ծովային թէ ցամաքային ճամբորդութիւնը, երէկ արգիլեց զայն բոլոր կալուածներն ու ինքնաշարժները գործածելէ` հիմնուելով «Ժողովուրդը կ՛ուզէ վարչակարգը բարեկարգել» կոչուող խմբաւորումին ներկայացուցած բողոքին վրայ:

Մոսկուայի Մէջ.   Ժոմպլաթ – Լաւրով Հանդիպում

Մոսկուայի Մէջ. Ժոմպլաթ – Լաւրով Հանդիպում

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հանդիպումին մասին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լաւրովի հետ հանդիպումը եղած է անկեղծ ու մտերմիկ` աւելցնելով, որ անոր ներկայ գտնուած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան անդամ Հալիմ Ապու Ֆախրէտտին:  

Page 365 of 988 1 … 364 365 366 … 988

Արխիւներ