Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Կ՛ակնկալենք, Որ Պետական Ամավարկը Իրապաշտ Ըլլայ»

January 22, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ նախագահեց պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

Պլոքին նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ կառավարութեան նիստերուն մասնակցելու մասին Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին տուած միացեալ որոշումը երկրին քաղաքական տեղքայլին վերջ տուած է, եւ մէկ կողմէ` առիթ տուած է պետական ամավարկը սերտելու, իսկ միւս կողմէ` տնտեսական ապաքինման ծրագիրը վերջնականացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին տնտեսական շրջանառութիւնը կանոնաւորել:

«Ձիւնամրրիկին հետեւանքները կրող լիբանանցիները այսօր կը յուսան, որ կառավարութիւնը պէտք եղած ջերմութեամբ վարուի եւ քաղաքացիներուն հանդէպ պէտք եղած ջերմութիւնը տրամադրէ` վաւերացնելով ընկերային եւ կենցաղային օժանդակութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ բարելաւել պետական եւ սեփական մարզերու պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ զինուորականներուն ապրուստի ընթացքը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ պլոքը յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն պիտի հետեւի կառավարութեան քննարկումներուն: «Պլոքը կ՛ակնկալէ, որ ապաքինման ծրագիրը ըլլայ հաւասարակշռուած, իսկ պետական ամավարկը` իրապաշտ: Այդ ամավարկը պէտք չէ յուսալքէ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող եւ սահմանափակ եկամուտ ունեցող քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ պէտք չէ ենթարկուի օժանդակող կողմերուն պարտադրած պայմաններուն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Պլոքը ընդգծեց, որ մինչեւ կառավարութեան աշխատանքներուն վերսկսիլը, ամերիկեան տոլարին սակը նուազեցնելու նպատակով որդեգրուած արտակարգ դասաւորումները պիտի չկարենան երկարատեւ ազդեցութիւն ունենալ, եթէ անոնք չհիմնուին տնտեսական ապաքինման ծրագիրին վրայ, որուն մշակումն ու վաւերացումը առաջնահերթութիւն է եւ պէտք չէ յաւելեալ յապաղում արձանագրէ:

Պլոքը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու յաջողութեան համար բոլոր կարիքները ապահովուին, սկսեալ` ընտրութիւններուն հսկող Ազգային խորհուրդի պատրաստուածութենէն մինչեւ գումակային կարիքներու ապահովումը:

Պլոքը հաստատեց, որ այս իմաստով ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի իր պատասխանատուութիւնները պէտք է ստանձնէ` նկատի ունենալով, որ ինքն է այդ ընտրութիւնները կազմակերպող նախարարութեան պետը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը գնահատեց տնտեսութեան նախարարութեան վերջին ջանքերը` հանրախանութներուն մէջ տարբեր ապրանքատեսակներուն գիները ստուգելու վերաբերեալ, եւ մաղթեց, որ ան շարունակէ քննչական իր քայլերը:

Պլոքը կոչ ուղղեց առեւտրականներուն զգալու քաղաքացիներուն վատ իրավիճակը եւ գործակցելու անոնց հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ մեղմացնել անոնց ուսերուն բեռը եւ վերջ տալ քաղաքացին խեղդող այս պայմաններուն ներքեւ երեւակայական շահեր իրականացնելու քայլերուն:

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով Փետերսոն Գործնական Պատկերացումներ Ունի»

Յաջորդը

Միջազգային Բարգաւաճման Ամերիկեան Գործակալութիւնը 40 Միլիոն Տոլարի Յաւելեալ Մարդասիրական Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ Լիբանանցիներուն

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.