ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 5628 վարակուածներ եւ մահացած 15 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 23.150 լ. ոսկիի:
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ երկուշաբթի, 24 յունուար 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ 2022-ի պետական ամավարկն ու 56 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ իրենք առանց նախապայմանի վերադարձած են կառավարութեան նիստին` աւելցնելով, որ արաբները իրենց եղբայրներն են: Հաժ Հասան ընդգծեց, որ իրենք կարիքը ունին բոլոր երկիրներուն հետ, բայց նախ եւ առաջ` Սուրիոյ հետ երկխօսութեան:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, վառելանիւթի բոլոր տեսակներուն սակերը նուազում արձանագրած են: 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 1400 լ. ոսկիով, մազութը` 8200 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 6900 լ. ոսկիով: Ըստ սակացոյցին, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 358.200 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 370.000 լ. ոսկի, մազութը` 314.800 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազի շիշը` 271.100 լ. ոսկի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը չառաջադրելը մեծ բաց մը պիտի ստեղծէ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նազիհ Նաժըմ յայտնեց, որ սիւննի չափաւորականութեան բացակայութեան Լիբանանի մէջ ամէն բան պիտի ուղղուի դէպի ծայրայեղութիւն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Սաատ յայտնեց, որ շիի երկեակին կառավարութեան վերադարձը բարիք չի ներշնչեր:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ երկրին գոյութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան Հըզպալլայի հետ դաշինքը, որուն շնորհիւ մէկ կամ երկու յաւելեալ երեսփոխան կարելի է ընտրել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յանձնառու է երկրին հաւասարակշռութիւններն ու կառուցուածքը պահպանելու:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան դատական պատուիրակութիւն մը պիտի մեկնի Ֆրանսա` քննարկելու համար Կեդրոնական դրամատան Ռիատ Սալամէի թղթածրարը: