Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Ողջունեց Կառավարութեան Ժողովները Վերսկսելու Որոշումը

January 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց իր առցանց ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, թէ կառավարութեան ժողովներուն վերսկսիլը դրական քայլ է, մաղթելով, որ անիկա սկիզբը ըլլայ նաեւ այլ դրական քայլերու, որոնք պէտք է առնուին:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ պահանջուածը աշխուժութիւն է եւ արդիւնաւէտ ըլլալու իրականութիւն` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան սահմանադրութեամբ ճշդուած վարչապետի իրաւասութիւններուն եւ կը մերժեն, որ այդ իրաւասութիւնները խախտին:

«Մենք կառչած կը մնանք նաեւ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն, ինչպէս նաեւ նախագահին եւ վարչապետին իրաւունքին` խորհրդարանը արտակարգ նստաշրջանի հրաւիրելու եւ նիստերուն օրակարգը ճշդելու առումով, որովհետեւ երկրին սահմանադրութիւնն է, որ Ա. եւ Գ. իշխանութեան պետերուն կու տայ այդ իրաւունքը:

Անդրադառնալով կառավարութեան աշխատանքի վերադարձին` Պասիլ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն համար առաջնահերթ են տնտեսական ապաքինման ծրագիրն ու պետական ամավարկը, ինչպէս նաեւ ապրուստի վերաբերող հարցեր, որոնց շարքին` պետական մարզին խոստացուած նիւթական օժանդակութիւնը, բանակայիններուն փոխադրածախսի տրամադրումը, պայմանագրային պաշտօնեաներուն հետ պայմանագիրներու նորոգութիւնը, ինչպէս նաեւ տասնեակ որոշումներ, որոնք կը վերաբերին ելեկտրականութեան, հաղորդակցութիւններու եւ ելեւմուտքի մարզերուն:

«Երեւակայեցէք այն հսկայ գումարները, որոնք կը շահին կարգ մը անհատներ` աջ ու ձախ հրապարակուող հրամանագիրներուն պատճառով: Այդ հրամանագիրները հրապարակողը գիտէ, թէ ո՛վ կրնայ օգտուիլ անոնցմէ, մինչդեռ տառապողները կ՛ըլլան պաշտօնեաներն ու զինուորականները: Նախապէս յայտարարուած էր, թէ ամերիկեան տոլար չկայ եւ անիկա վերջացած է տարբեր մարզերուն յատկացուած պետական նպաստին պատճառով, սակայն ինչպէ՞ս Կեդրոնական դրամատան կողմէ մեծաքանակ տոլար կը հայթայթուի շուկային, որպէսզի ան կարենայ սեւ շուկային մէջ տոլարին սակը նուազեցնել», հարց տուաւ Պասիլ:

Ան շեշտեց, որ տոլարի սակին նուազեցման կարիքը կայ, սակայն անիկա ինչո՞ւ աւելի առաջ չէ կատարուած եւ տեղի կ՛ունենայ քաղաքական կարիքի մը ընթացքին դարձեալ հարց տուաւ Պասիլ:

Ան հաստատեց, որ այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ տոլարին սակը քաղաքական հարց է եւ շինծու է: «Տոլարին սակը պէտք է վերադառնայ իր իսկական մակարդակին, որ ներկայի սակէն շատ աւելի նուազ է: Կեդրոնական դրամատունը պէտք է վերջ տայ տոլարի սակին հետ արձանագրուած խաղին եւ միացեալ սակ մը որոշէ, որպէսզի վերջ տրուի դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցող քաղաքացիներուն հաշիւներուն հետ խաղին», ըսաւ ան:

Պասիլ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պատիժի պէտք է ենթարկել դրամատնային այն պաշտօնեան կամ նախարարութեան այն պատասխանատուն, որ կ՛արգելակէ Կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն իրաւական հաշուեքննութեան մեկնարկը: «Ո՞վ կրնայ պատասխանել այն հարցումին, թէ իրաւական հաշուեքննութիւնը ինչո՞ւ չէ սկսած», հարց տուաւ Պասիլ:

Ակնարկելով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին` Պասիլ յայտնեց, որ այդ թղթածրարին հետաքննութիւնը յապաղում կ՛արձանագրէ:

Նախորդը

Միութիւններու Եւ Քաղաքապետութիւններու Մէջ Արհեստագիտական Գրասենեակներու Հաստատութենականացման Միջոցները

Յաջորդը

Երկուշաբթի Օրուան Կառավարութեան Նիստին Ընդառաջ. Կացութեան Բարելաւման Ճիգերը Խոստմնալից Քայլերով Կ՛աշխուժանան

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.