Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնութիւնը լիբանանեան բանակի սպաներէն խնդրեց բոլոր զինուորականներուն իմացնել, թէ ամերիկեան տոլարով նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրուի անոնց:
Սպաները հաստատեցին, որ նիւթական այդ օժանդակութիւնը պիտի տրամադրուի բոլորին անխտիր, հետեւաբար բոլոր զինուորականները, ըլլան անոնք ամուսնացած թէ ամուրի, պիտի ստանան այդ օժանդակութենէն:
Նոյն աղբիւրները կոչ ուղղեցին բանակայիններուն չմտահոգուելու:



