Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հանդիպումին մասին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լաւրովի հետ հանդիպումը եղած է անկեղծ ու մտերմիկ` աւելցնելով, որ անոր ներկայ գտնուած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան անդամ Հալիմ Ապու Ֆախրէտտին:



