ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 7110 վարակուածներ եւ մահացած 16 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 22.900 լ. ոսկիի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորման խորհրդարանական յանձնախումբերը միացեալ նիստի մը հրաւիրեց չորեքշաբթի, 26 յունուար 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, վառելանիւթի բոլոր տեսակներուն սակերը նուազում արձանագրած են: 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 3000 լ. ոսկիով, մազութը` 10.600 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 13.800 լ. ոսկիով: Ըստ սակացոյցին, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 359.600 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 371.600 լ. ոսկի, մազութը` 323.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազի շիշը` 278.000 լ. ոսկի:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ «Օժերօ»-ի համար ապահովուած մազութը կը բաւարարէ մինչեւ յունիս` աւելցնելով, որ համացանցի կասեցումը ժամանակաւոր է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ իրենց պլոքը առաջարկած է օրինազանց առեւտրականներուն դէմ պատժամիջոցները խստացնող օրինագիծ մը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ ինք յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ` իսկական փոփոխութեան առիթ տալու համար:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ ելեւմտական հաւասարակշռութեան ստեղծումը կառավարութեան եւ խորհրդարանին պարտականութիւնն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք պէտք է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դէմ ըլլան` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ հարցը ռազմավարական է ու բարոյական: «Եթէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրենք, ապա իսկական պետութիւն մը պիտի կարենանք կերտել», հաստատեց ան:
ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ գիշեր անծանօթներ հարաւային Սուրի Օզզիէ շրջանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռարձակում կատարեցին: Իսրայէլեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ իսրայէլեան ուժեր կը ստուգեն հրթիռարձակումին վերաբերող մանրամասնութիւններ:


