Միւֆթի Տըրիան Եւ Լիբանանեան Քաղաքական Դէմքեր Կը Շարունակեն Դատապարտել Ապու Տապիի Վրայ Կատարուած Յարձակումը
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ խստիւ դատապարտեց Ապու Տապիի վրայ կատարուած յարձակումը` զայն նկատելով անարգ ոճիր, որ մաս կը կազմէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի այլ երկիրներու վրայ կատարուած ահաբեկչական յարձակումներուն շարքին: Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կամ Ծոցի երկիրներուն վրայ կատարուած որեւէ յարձակում բոլոր արաբներուն եւ իսլամներուն վրայ յարձակում կը նկատուի: Հանրապետութեան միւֆթին...



















