Լիբանանեան

Այսօր Առաւօտեան Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Պիտի Փակէ Վարչապետարանի Մուտքերը

Այսօր Առաւօտեան Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Պիտի Փակէ Վարչապետարանի Մուտքերը

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը երէկ արտակարգ նիստ մը գումարեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնին մէջ: Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ համադաշնակցութիւնները պիտի ջանան երկրին մէջ ցամաքային փոխադրութեան սակը տրամաբանական եւ մատչելի դարձնել, ինչպէս նաեւ հաստատուեցաւ, որ այսօր գործադուլ եւ նստացոյց պիտի կատարուի` ցամաքային փոխադրութեան մարզին պահանջները իրագործելու նպատակով: Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ ինք նախապէս ընդգծած էր, թէ...

Մաուլաուի. «Արգիլեցինք Դէպի Սէուտական Արաբիա «Քեփթակոն» Մաքսանենգելու Գործողութիւն Մը»

Մաուլաուի. «Արգիլեցինք Դէպի Սէուտական Արաբիա «Քեփթակոն» Մաքսանենգելու Գործողութիւն Մը»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը` ներկայութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մաուլաուի յայտնեց, որ ծովուն մէջ կրցած են կասեցնել «Քեփթակոն» թմրանիւթի քանակ մը, որ թէյի մէջ խառնուած էր, եւ զայն վերադարձուցած են Պէյրութ: Մաուլաուի յայտնեց, որ թէյի մէջ խառնուած «Քեփթակոն»-ի դեղահատերը կը...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարէն Շնորհակալական Նամակ` Միւֆթի Տըրիանի

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարէն Շնորհակալական Նամակ` Միւֆթի Տըրիանի

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որ միւֆթիին յանձնեց Կութիերեսի շնորհակալական նամակը: Նամակին մէջ նշուած էր, որ Կութիերես Լիբանան այցելութեան ընթացքին նշմարած է, թէ հանրապետութեան միւֆթին կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ, ինչպէս նաեւ կը ջանայ բոլոր համայնքներուն եւ կրօններուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնել` լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու, համագործակցութիւնը իրականացնելու, երկխօսութիւն...

«Եասմին» Ձիւնամրրիկը Այսօր Կը Հասնի Լիբանան

«Եասմին» Ձիւնամրրիկը Այսօր Կը Հասնի Լիբանան

Պէյրութի միջազգային օդակայանի Օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ այսօր Լիբանան պիտի հասնի «Եասմին» ձիւնամրրիկը, որուն ուժգնութիւնը պիտի երկարի մինչեւ վաղը` հինգշաբթի, 27 յունուար 2022: Ըստ Օդերեւութաբանական գրասենեակին, այսօր առատ անձրեւ պիտի տեղայ: Ցերեկը ծովու մակերեսէն 1000 մեթր բարձրութեան վրայ պիտի ձիւնէ, իսկ գիշերը` ծովու մակերեսէն 700 մեթր բարձրութեան վրայ: Օդերեւութաբանական գրասենեակը զգուշացուց քաղաքացիները, որ սաստիկ հովը կրնայ պատճառ դառնալ պաստառներու իյնալուն,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 7250 վարակուածներ եւ մահացած 14 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 23.500 լ. ոսկիի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղներուն սակը նուազած է 3000 լ. ոսկիով, մազութի թիթեղին սակը սղած է 20.400 լ. ոսկիով,...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2021-ի Պետական Ամավարկը, Ճշդեց Փոխադրածախսերը Եւ Կազմեց Փտածութեան Դէմ Պայքարի Խորհուրդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2021-ի Պետական Ամավարկը, Ճշդեց Փոխադրածախսերը Եւ Կազմեց Փտածութեան Դէմ Պայքարի Խորհուրդը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը վաւերացուց 2021-ի պետական ամավարկը, ինչպէս նաեւ որոշեց ամէնօրեայ դրութեամբ կառավարութեան նիստեր գումարել վարչապետարանին մէջ, որպէսզի ամբողջացնէ 2022-ի պետական ամավարկի մշակումը` դիւրացնելու համար զայն խորհրդարանին ներկայացնելու հոլովոյթը: Կառավարութիւնը վաւերացուց նաեւ ընկերային կարգ մը օժանդակութիւններ, որոնց...

Սաատ Հարիրի Առկախեց Քաղաքական Իր Գործունէութիւնը Եւ Կոչ Ուղղեց Մուսթաքպալ Հոսանքին` Թեկնածութիւն Չառաջադրելու

Սաատ Հարիրի Առկախեց Քաղաքական Իր Գործունէութիւնը Եւ Կոչ Ուղղեց Մուսթաքպալ Հոսանքին` Թեկնածութիւն Չառաջադրելու

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց բոլորին համար գրեթէ ծանօթ պաշտօնական կեցուածքը, որուն համաձայն, ան առկախեց քաղաքական իր գործունէութիւնը եւ կոչ ուղղեց Մուսթաքպալ հոսանքին` դիմելու նոյն քայլին: Հարիրի հաստատեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ինք իբրեւ թեկնածու պիտի չներկայանայ` աւելցնելով նաեւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքին անունով ոչ...

Պըրրի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Պըրրի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակը: Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու: Պըրրիի այցելեց նաեւ Տնտեսական ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ժազանի Վրայ Գործուած Ահաբեկչական Յարձակումը …

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ապու Տապիի Դէմ Հրթիռարձակումը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ խստիւ դատապարտեց Ապու Տապիի դէմ գործուած հրթիռարձակումը, որ սակայն կարելի եղած էր կասեցնել Ապու Տապիի հակաօդայիններուն շնորհիւ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ անոնց ժողովուրդին` դատապարտելով այդ երկրին ապահովական կայունութիւնը, գերիշխանութիւնն ու ժողովուրդին անվտանգութիւնը թիրախ դարձնող որեւէ փորձ:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1665 վարակուածներ եւ մահացած 12 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը հասաւ 24.000 լ. ոսկիի: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Լիբանան իր համայնքային կազմուածքով պատմութեան ընթացքին միշտ ալ արաբական եւ շրջանային տագնապներու կռուախնձոր եղած է: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք...

Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային  Զօրակցութիւնը Կը Շարունակուի

Այսօր` Կառավարութեան Նիստ, Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Առցանց Բանակցութիւններ Եւ Հարիրիի Պաշտօնական Կեցուածք

Իր աշխատանքներուն եռամսեայ արգելակումէն ետք կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին առաջին անգամ ըլլալով նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 2022-ի պետական ամավարկը, ինչպէս նաեւ 56 այլ կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Նախարարաց խորհուրդի նիստը գումարելու նախօրեակին, այլ խօսքով` շաբաթավերջին հնչեցին մեծ թիւով կեցուածքներ, որոնք կը վերաբերէին պետական ամավարկին: Այդ կեցուածքները ամբողջութեամբ կը քննադատէին ամավարկը, որ ըստ...

Քուէյթի Արտաքին Գործոց Նախարարը Լիբանանին Կը Յանձնէ Լիբանանի Եւ Ծոցի Երկիրներուն Միջեւ Վստահութիւնը Վերահաստատելու Յուշագիր Մը

Քուէյթի Արտաքին Գործոց Նախարարը Լիբանանին Կը Յանձնէ Լիբանանի Եւ Ծոցի Երկիրներուն Միջեւ Վստահութիւնը Վերահաստատելու Յուշագիր Մը

Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ահմետ Նասեր Մոհամետ Սապահ շաբաթ երեկոյեան երկօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի կողմէ: Շաբաթ երեկոյեան Սապահ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի ողջունեց Սապահի Լիբանան այցելութիւնը` հաստատելով, որ անիկա Լիբանանի նկատմամբ եղբայրական եւ մտերմիկ զգացումներու արտայայտութիւնն...

Հարիրի Այսօր Կը Յայտարարէ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մասին Իր Պաշտօնական Կեցուածքը

Հարիրի Այսօր Կը Յայտարարէ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մասին Իր Պաշտօնական Կեցուածքը

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պատկերասփռուած ճառով մը պիտի յայտարարէ իր պաշտօնական կեցուածքը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին: Միւս կողմէ, Հարիրի շաբաթավերջին ընդունեց շարք մը պատասխանատու անձնաւորութիւններ եւ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցաւ Պըրրի-Հարիրի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի եւ Հարիրիի...

Պաղտատի Մէջ.   Ճ. Պուչիքեան Կը Պահանջէ Լիբանանեան Արտադրութեան Վրայ Պարտադրուած Մաքսատուրքը Ջնջել

Պաղտատի Մէջ. Ճ. Պուչիքեան Կը Պահանջէ Լիբանանեան Արտադրութեան Վրայ Պարտադրուած Մաքսատուրքը Ջնջել

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան, որ իբրեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ մեկնած էր Պաղտատ, ուր բացումը կատարած էր Լիբանանեան արտադրութիւններու ցուցահանդէսին, շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի փոխվարչապետ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Ապտել Էմիր Ալլաուիի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Իրաքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հըպհապ եւ հիւպատոս Հուսամ Քալաքեշ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իրաքեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս տնտեսական ռազմավարական առումով, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համաձայնագիրներուն...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հըզպալլայի Աքթերը Կը Սպառնան Լիբանանցիներուն Անվտանգութեան»

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հըզպալլայի Աքթերը Կը Սպառնան Լիբանանցիներուն Անվտանգութեան»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իրենք յանձնառու կը մնան խոչընդոտելու Հըզպալլայի գործունէութիւնները` անոնց մէջ ներառելով նաեւ ամերիկեան պատժամիջոցներէն փախուստ տուող Հըզպալլայի անդամները, որոնք մեծաւ մասամբ դրամի լուացում կը կատարեն` ֆինանսաւորելու համար Հըզպալլայի ահաբեկչական արարքները: Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Հըզպալլայի աքթերը կը սպառնան լիբանանցիներու անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6381 վարակուածներ եւ մահացած 13 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը նուազեցաւ 23.200 լ. ոսկիի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ տնտեսական բարեկարգումը կը սկսի քաղաքական ու ազգային ուղեգիծի բարեկարգումով եւ...

Նախագահ Աուն. «Կը Մաղթեմ, Որ 2022-ը Ըլլայ Լիբանանը Իր Տագնապէն Դուրս Բերող Տարին»

Նախագահ Աուն. «Կը Մաղթեմ, Որ 2022-ը Ըլլայ Լիբանանը Իր Տագնապէն Դուրս Բերող Տարին»

Երկիրը Դանդաղ Քայլերով Մուտք Կը Գործէ Նախընտրական Փուլ. Հարիրի Իր Կեցուածքը Կը Յայտարարէ Երկուշաբթի Մինչ լիբանանցիները իրենց հայեացքները կը սեւեռեն երկուշաբթի օր կառավարութեան գումարելիք նիստին եւ քննարկուելիք 2022-ի պետական ամավարկին ու տնտեսական ապաքինման ծրագիրի վաւերացումին վրայ,  Լիբանան դանդաղ քայլերով մուտք կը գործէ դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններու մթնոլորտ: Նախընտրական կացութիւնը ցարդ կարելի է բացատրել կարգ մը շրջաններու մէջ առաջադրուած այս կամ այն...

Վարչապետ Միքաթի.  «2022-ի Պետական Ամավարկը Նոր Տուրքեր Չի Պարտադրեր»

Վարչապետ Միքաթի. «2022-ի Պետական Ամավարկը Նոր Տուրքեր Չի Պարտադրեր»

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց ֆրանսական խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Ժան Լուի Պուրլանժի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ֆրանսացի երեսփոխաններ Քրիսթիան Հութին, Պրունօ Ժոնքուր, Ամելիա Լաքրաֆի եւ Վալերի Թոմաս, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Միքաթիի խորհրդատուներ դեսպան Պութրոս Ասաքերն ու երեսփոխան Նիքոլա Նահհասը: Նշենք, որ ֆրանսական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ...

Փարիզի Մէջ.   Համիէ Պաթիսթէն Իմացաւ Ֆրանսայի Համաձայնութիւնը Լիբանանի Տրամադրուելիք Հանրակառքերու Նուիրատուութեան Մասին

Փարիզի Մէջ. Համիէ Պաթիսթէն Իմացաւ Ֆրանսայի Համաձայնութիւնը Լիբանանի Տրամադրուելիք Հանրակառքերու Նուիրատուութեան Մասին

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակից Ժան Պաթիսթի հետ` ներկայութեամբ Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանին տրամադրուելիք հանրակառքերու նուիրատուութիւնը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստը եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանը բարգաւաճեցնելու ու գնացքի դրութիւնը վերակենդանացնելու կարելիութիւնները: Պաթիսթ Համիէն տեղեակ պահեց, որ Ֆրանսա...

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը  Կը Հրապարակէ Հաղորդագրութիւն Մը

Միջազգային Բարգաւաճման Ամերիկեան Գործակալութիւնը 40 Միլիոն Տոլարի Յաւելեալ Մարդասիրական Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ Լիբանանցիներուն

Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Միջազգային բարգաւաճման ամերիկեան գործակալութիւնը (Եու.Էս.Էյտ.) 40 միլիոն տոլարի յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրած է լիբանանցիներուն, որոնք կը տառապին տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին, «Քորոնա» համաճարակին եւ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանան հասնելուն պատճառով: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այս յաւելումով 2020-ի հոկտեմբերէն ի վեր Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւններուն գումարը կը բարձրանայ...

Page 364 of 988 1 … 363 364 365 … 988

Արխիւներ