Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը պատժամիջոցներ պարտադրեց Հըզպալլայի մօտիկ երեք անհատներու, ինչպէս նաեւ ճամբորդական գրասենեակի մը դէմ, որուն կեդրոնը Լիբանանն է:
Հըզպալլայի երեք անդամներն են գործարար Ատել Ալի Տիապ, Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Ալի Մոհամետ Տաաուն եւ Հըզպալլայի անդամ Ժիհատ Սալեմ Ալամէ, որ կուսակցութեան ելեւմտական, գումակային եւ արհեստագիտական օժանդակութիւն կը տրամադրէ, իսկ ճամբորդական գրասենեակն է «Տար էլ Սալամ» զբօսաշրջական գրասենեակը:
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի փոխնախագահ Պրայըն Էյ. հաստատեց, որ Հըզպալլա քաղաքական ծածուկ գործարքներով կը դիզէ հարստութիւն մը, որ լիբանանցիներուն համար անյայտ է:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ Հըզպալլա կը շարունակէ իր ապօրինի ընթացքը եւ լիբանանցիներուն հաշուոյն հարստութիւն կը դիզէ:
Պլինքըն նշեց, որ Հըզպալլայի մօտիկ երեք այլ անհատներ պատժամիջոցներու ենթարկելը լիբանանցիներուն ցուցաբերուած զօրակցութիւն է, որովհետեւ Հըզպալլա եւ անոր դաշնակիցները հետաքրքրուած են լիբանանցիներուն շահերէն աւելի Իրանի շահերը ամրապնդելով:



