Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 508 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 23.000 լ. ոսկիի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքերին: Հանդիպումը ծանօթացման բնոյթ ունէր: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն պենզինի, մազութի...



















