Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Միքաթի Այն Թինէէն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ամինա Մոհամետը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտիի, Արեւմտեան Ասիոյ մէջ ՄԱԿ-ի տնտեսական եւ ընկերային մարմինի գործադիր խորհուրդին մօտ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Ռուլա Տաշթիի, ինչպէս նաեւ Միքաթիի խորհրդականներ Պութրոս Ասաքերի, Սամիր Տահերի եւ Զիատ Միքաթիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի կողմէ Լիբանանին տրամադրուելիք օժանդակութիւնները` սննդեղէնի ապահովութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Լիբանանին օժանդակութիւնը` դիմագրաւելու համար սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին պատճառած մարտահրաւէրները:
Միքաթի ՄԱԿ-ի պատասխանատուէն պահանջեց, որ ՄԱԿ օժանդակէ Լիբանանին` փտածութեան դէմ մղած անոր պայքարին մէջ, ինչպէս նաեւ պետական գանձարկղէն իւրացուած գումարները վերադարձնելու առումով:


