Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեկնածութիւնները Առաջադրելու Պաշտօնական Ժամկէտը Աւարտած Է, Եւ Քաղաքական Ուժերը Կ՛ուղղուին Դէպի Ընտրական Դաշինքներու Վերջնականացման Փուլ

March 16, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէս գիշերին աւարտեցաւ 2022-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուներու արձանագրութեան ժամկէտը:

Ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածուներուն թիւը հասաւ 1043-ի` գերազանցելով 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուներուն թիւը:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի նահանգապետներուն հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Մատենագիտութեան ընդհանուր տնօրէնութեան վերաբերող հարցերու լուծման համար, որպէսզի կարելի ըլլայ անձնաթուղթեր եւ իխրաժ քայտեր, ինչպէս նաեւ քուէարկութեան համար կարիք նկատուող ամէն տեսակի փաստաթուղթեր տրամադրել քաղաքացիներուն:

Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի ընտրութեան օրուան համար ելեկտրականութիւն ապահովելու` քուէարկութեան ընթացքի սկիզբէն մինչեւ յաջորդ օրուան վերջնական տեղեկագիրի հրապարակումը:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին կայ 7000 քուէակեդրոն:

Ան աւելցուց, որ 10 օր ետք երկրորդ հանդիպում մը պիտի կատարուի նահանգապետներուն հետ` սերտելու համար պահանջները:

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտարարեց, որ ինք ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ` աւելցնելով, որ իր այս կեցուածքը պէտք չէ մեկնաբանել իբրեւ ընտրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու քայլ, «այլ` նոր ուժերու առիթ ընծայելու քայլ մը: Երեսփոխանական ընտրութիւններու հոլովոյթին մէջ լրիւ ներգրաւուած պիտի ըլլամ, սակայն առանց թեկնածութիւնս առաջադրելու», ըսաւ ան:

Նախկին նախարար Զիատ Պարուտ իր կարգին հաստատեց, որ ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ` աւելցնելով սակայն, որ ինք պիտի շարունակէ փտածութեան դէմ պայքարիլ, այլընտրանքներ առաջարկել եւ իրաւունքի պետութիւնը կերտել:

Նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտարարեց, որ ինք թեկնածու է 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն` նկատել տալով, որ իր ծրագիրն է Լիբանանը Իրանի հոգատարութեան ծրագիրէն փրկել:

Հրաժարած երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ երէկ յայտարարեց, թէ ինք իր թեկնածութիւնը առաջադրած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի մարոնի համայնքին յատկացուած աթոռին համար:

Ան նշեց, որ ինք կը ներկայացնէ ազգային, գերիշխանական ուղեգիծի մը եւ սկզբունքներուն շարունակականութիւնը, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կը գերազանցէ:

Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար Ասաատ Հարտան երէկ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կը նկատուին կարեւոր փուլ մը` ամրապնդելու համար Լիբանանի ինքնութիւնը: Ապա Հարտան ներկայացուց Ղովմի կուսակցութեան թեկնածուները (ընտրաշրջաններու համաձայն), որոնք են.

Ղասսան Ղոսըն (Պէյրութի Բ. ընտրաշրջան), Հասսան Աշեք (Պաալպեք Հերմել-Պեքաայի Գ. ընտրաշրջան), Անթուան Սալուան (Արեւմտեան Պեքաա, Ռաշայա – Պեքաայի Բ. ընտրաշրջան), Ժոզեֆ Քասսապ (Պաապտա – Լեռնալիբանանի Գ. ընտրաշրջան), Ապտել Պասեթ Ապպաս (Աքքար – Հիւսիսային Լիբանանի Ա. ընտրաշրջան), Սալվատոր Մաթար (Աքքար – Հիւսիսային Լիբանանի Ա. ընտրաշրջան) եւ Ասաատ Հարտան (Մերճահիուն – Հասպայա – Հարաւային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջան):

Հարտան կոչ ուղղեց նաեւ, որ Ղովմի կուսակցութեան համակիրները զօրակցին Սելիմ Սաատէի եւ անոր ընտրացանկին` Քուրա – Հիւսիսային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջանին մէջ:

Նախորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Ընդունեց Բրիտանիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Արցախի Մէջ. Հանդիպում Կուսակցական Պատասխանատուներու Հետ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.