Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսապանք»-ը Փակ` Դատական Որոշումով

March 17, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ֆրանսապանք»-ի տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ դրամատունը կ՛ենթարկուի դատաւոր Մարիանա Անանիի կողմէ տրուած դատական որոշումին` փակելու «Ֆրանսապանք»-ի բոլոր մասնաճիւղերը եւ մասնաճիւղերուն մէջ գտնուող գումարներն ու ամէն բան կարմիր մոմով փակելու:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ «Ֆրանսապանք» յանձնառու կը մնայ դատաւոր Անանիի այս որոշումին գործադրութեան եւ ենթակայ կը մնայ օրէնքին ու ցաւ կը յայտնէ, որ իր յաճախորդներու պահանջներուն պիտի չկարենայ ընդառաջել, յատկապէս պետական մարզի պաշտօնէութեան ամսական աշխատավարձերը վճարելու առումով:

Միւս կողմէ, Դրամատուներու միութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հակառակ դրամատուներուն դէմ որդեգրուած ապօրինի որոշումներուն եւ անարդար միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ բանեցուած ճնշումներուն, պաշտօնական թէ անպաշտօն կողմերու զրպարտութիւններուն, դրամատուները ընտրած են լուռ մնալ` պաշտպանելու համար դրամատուներուն մէջ հաշիւներ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները:

«Բայց եւ այնպէս դրամատուներուն դէմ ապօրինի ճնշումները կը շարունակուին` դատական իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած նոր միջոցառումներով», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Դրամատուներու միութիւնը չի կրնար միշտ դէմ յանդիման գտնուիլ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն` իրեն չվերաբերող պատճառներուն համար, եւ չ՛ուզեր անոնց պատասխանատուութիւնը կրել:

«Դրամատուներու միութիւնը այսուհետեւ կը մերժէ կրել ելեւմտական նախկին քաղաքականութիւններուն հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ այն սխալ քայլերը, որոնք առնուած են` հաշիւ ունեցողներուն դէմ: Կը մերժենք դառնալ ժողովրդահաճոյ կեցուածքներու եւ քաղաքական դիրքորոշումներու զոհը, ինչպէս նաեւ կը մերժենք ընդունիլ մեր դէմ արձակուած ապօրինի որոշումները», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Դրամատուներու միութեան հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ դրամատուներուն դէմ տրուած անարդար ու ապօրինի որոշումներն ու բանեցուած ճնշումները կրնան պատճառ դառնալ այս մարզին քանդումին, մեծ վնասներ հասցնել հաշիւ ունեցողներուն, ինչպէս նաեւ մահացու հարուածի ենթարկել լիբանանեան տնտեսութիւնը:

«Մեկնելով այս մտահոգութիւններէն` Դրամատուներու միութիւնը կը հրաւիրէ ընդհանուր ժողովի մը, որ պէտք է անյապաղ գումարուի եւ իր նիստերը բաց պահէ` հետեւելու համար զարգացումներուն եւ ըստ այնմ որոշումներ կայացնելու, ինչպէս նաեւ հսկելու քաղաքացիներու եւ ազգային գերագոյն շահերու պահպանումին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

 

Նախորդը

Ֆայեատ Շիայի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մարզին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Լսատեսողական Լրատուամիջոցներու Սենտիքայի Վարչութիւնը Ընտրուեցաւ` Մրցակիցներու Չգոյութեամբ

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.