Սաստիկ ցուրտը կը շարունակուի` Լիբանանը սպիտակ օթոցի մը տակ զետեղելով:
«Կրեթթա» ցուրտի ալիքին ուժգնութիւնը հասաւ այն աստիճանի, որ ծովու մակերեսէն 500 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւն տեղաց:
Հասպայայի մէջ երէկ առաւօտեան ժամերուն առատ ձիւն տեղաց: Ձիւն նշմարուեցաւ նոյնիսկ Հասպանի գետին եզերքը:
Շրջանին բոլոր դպրոցներն ու կրթական հիմնարկները արդէն իսկ երկու օրէ ի վեր փակ են, իսկ ջերմաստիճանը զերոյէն վար է:
Տահր էլ Պայտարի միջազգային ճամբան կարելի չէ անցնիլ առանց ինքնաշարժներուն անիւները պողպատեայ շղթաներով օժտելու, իսկ երբեմն այդ ճամբան կը փակուի, երբ ջուրը սառոյցի վերածուի:
Նապաթիէի, Արապսալիմի, Ժպաայի, Այն Պուսուարի, Մլիթայի, Լուայզէի, Ռիհանի, Արամթայի, Այշիէի եւ հարաւային Լիբանանի այլ շրջաններ եւս ձիւնածածկ վիճակի մէջ յայտնուեցան:
Ձիւնը ծածկեց նաեւ Պեքաայի դաշտը եւ Պաալպեքը, իսկ ծովուն մակերեսէն 1300 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող գիւղաքաղաքները լրիւ մեկուսացան` ճամբաներուն փակումին պատճառով:
Ներքին ապահովութեան ուժերու երթեւեկի գրասենեակը հաստատեց, որ Մնայթրա-Հատաս Պաալպեք, Քֆարտըպիան-Հատաս Պաալպեք, Այնաթա-Արզ, Մարժահին-Մըշմոշ, Աքուրա-Հատաս Պաալպեք, Քամմուա-Քըպէյյաթ, Թաննուրին-Հատաս Ժըպպէ, Թաննուրին-Լաքլուք, Մաասեր Շուֆ-Քեֆրայա, Թարշիշ-Զահլէ, Ժեզզին-Քֆարհունա լեռնային ճամբաները ամբողջութեամբ փակ են եւ կարելի չէ զանոնք օգտագործել, իսկ Տահըր էլ Պայտարը մերթ ընդ մերթ կը բացուի:
Անոնք կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն խուսափելու լեռնային ճամբաներէն` նկատի ունենալով ճամբուն վրայ գոյացած սառոյցն ու սահանքի վտանգները:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան աշխատաւորները շարունակեցին մաքրել ձիւնը` վերաբանալու համար ճամբաները: