ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 536 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 22.250 լ. ոսկիի:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մուսթաֆա Պայրամ զգուշացուց, որ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին ծառայութիւնները կրնան կանգ առնել` նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով հաստատութիւններ նիւթական իրենց պարտաւորութիւնները չեն կատարեր:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ շեշտեց, որ ցորեն կայ եւ համաձայնութիւն գոյացած է` տարբեր երկիրներէ ցորեն ապահովելու նպատակով:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան հաստատեց, որ Լիբանանի սննդեղէնի ապահովութիւնը վտանգի ենթակայ չէ` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը սկսած է մշակել ծրագիր մը, որուն հիման վրայ Լիբանանի մէջ ցորենի ցանք պիտի կատարուի:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին կողմէ 2022-ի պետական ամավարկը քննարկելու նիստին ընթացքին երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլէն պահանջեց պաշտօնեաներուն յատկացուելիք ընկերային օժանդակութիւններուն 40 առ հարիւրը չկրճատել դրամատուներուն կողմէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ամին Շըրրի ցաւ յայտնեց, որ երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի առումով տնտեսական տեսլական գոյութիւն չունի: Ան յոյս յայտնեց, որ մշակուի ծրագիր մը` ճշդելու համար, թէ ինչպէ՛ս կարելի պիտի ըլլայ վարուիլ այդ մարզերուն բարգաւաճման հետ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ երկրին անկախ եւ գերիշխանական կուսակցութիւնները անպայման իրարու հետ պիտի հանդիպին ու գործեն` երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ սիւննի համայնքի ղեկավարութիւններուն բացակայութիւնը իր բացասական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ` նկատի ունենալով, որ անիկա ազգային հաւասարակշռութիւնը պիտի խախտէ: «Արդեօք այս պատճառով ընտրութիւնները կը յետաձգուի՞ն», հարց տուաւ Ուահապ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով յայտնեց, որ Լիբանանի հետ իրենց յարաբերութիւնները ոչ մէկ կերպով պիտի ազդուին` անոր կառավարութենէն բխած յայտարարութեան պատճառով: Ռուտաքով ընդգծեց, որ Ռուսիա պատրաստ չէ Համաշխարհային Գ. պատերազմի սկսելու: