Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ փետրուար ամսուան ընթացքին լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ բանակին կատարած ապահովական գործողութիւններուն հիմամբ կատարուեցան 391 ձերբակալութիւններ:
Հաղորդագրութեան համաձայն, ձերբակալուողները տարբեր քաղաքացիութիւններու կը պատկանին եւ զանազան քրէական յանցանքներ գործած են, ինչպէս` թմրեցուցիչի մաքսանենգում, աւազակութիւն, զէնք ու զինամթերքի հսկայ պահեստի եւ հաղորդակցութեան տեսակաւոր գործիքներու եւ Լիբանանի մէջ ապօրինի կեցութեան ապահովում:
Բանակը ձերբակալեալներն ու գրաւուած իրերը յանձնեց համապատասխան մարմիններուն: