Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 18, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 508 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 23.000 լ. ոսկիի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքերին: Հանդիպումը ծանօթացման բնոյթ ունէր:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն պենզինի, մազութի եւ պիւթակազի սակերը նուազած են: 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 31.000 լ. ոսկիով, մազութը` 56.000 լ. ոսկիով, պիւթակազը` 18.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 430.000 լ. ոսկի է, 95 օքթան պենզինը` 420.000 լ. ոսկի, մազութը` 423.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 292.000 լ. ոսկի:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նասեր Եասին երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան Լիբանանի տարածքին գոյութիւն ունեցող աղբի տեսակաւորման ընկերութիւնները նորոգելու եւ արդիականացնելու կարելիութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ եթէ պէտք եղած աստիճանական բարեկարգումները չկատարենք, ապա մեր հարցերն ու խնդիրները պիտի բարդանան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Լիբանանեան համալսարանը փրկելու համար պէտք է որոշեն համալսարանի մասնաճիւղերուն տնօրէնները:

ՊԵՆԶԻՆԻ կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի անդամ Ժորժ Պրաքս յայտնեց, որ վառելանիւթի սակը նուազած է` նաւթի համաշխարհային սակի նուազումին շնորհիւ:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան կառոյցի ուժեր ներխուժած են Հալաթի մէջ գտնուող զբօսաշրջական համալիր մը եւ ձերբակալած թմրեցուցիչի մաքսանենգներ, ինչպէս նաեւ գրաւած մեծ քանակով թմրեցուցիչ, հիմնականին մէջ քոքային եւ հաշիշով պատրաստուած ծխախոտեր:

ԵՐԷԿ առաւօտեան Այն Ռըմմանէ շրջանին մէջ անծանօթներ երկու ձեռնառումբեր նետած են` պատճառելով նիւթական վնասներ: Ներքին ապահովութեան ուժերը փակած են դէպքին վայրը եւ այս մասին հետաքննութիւն բացած:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յիշողութիւններ «Ազդակ»-էն

Յաջորդը

Ուքրանիոյ Լիբանանեան Գաղութ. «Կառավարութիւնը Պէտք Է Զգուշացնէ Քաղաքացիները Ուքրանիոյ Պատերազմին Մասնակից Դառնալէ»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.