Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Ընտրութիւնները Ճակատագրական Են, Եւ Մեր Նպատակն Է Բոլոր Ընտրաշրջաններուն Մէջ Ամրապնդել Մեր Դաշնակիցներուն Իրավիճակը»

March 17, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ ունեցաւ ներքին հանդիպում մը, որուն ընթացքին  հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ կառավարութեան մաս կազմելու հիմնական պատճառը Դիմադրութեան պաշտպանութիւնն է:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ փորձառութիւնը իրենց սորվեցուցած է, որ անկարելի է նախարարաց խորհուրդին մաս չկազմել:

«2006-ին տիրող քաղաքական դասալքութեան եւ կառավարութեան մէջ քինախնդրութեան մթնոլորտին պատճառով Լիբանան Իսրայէլի հետ 7 մայիսի նման համաձայնագիր մը ստորագրելու սեմին կը գտնուէր», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայութիւնը Դիմադրութիւնը պաշտպանելու համար է, նոյնիսկ եթէ զիրենք ամբաստանեն փտածներու հետ գործակցելու յանցանքով:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենց նպատակն է յաղթել, եւ պէտք է յաղթեն, որպէսզի Լիբանանի վերաբերող բոլոր գործընթացներուն ներկայ գտնուին:

«Մեր հակառակորդները ծրագիր չեն ներկայացուցած. անոնք բաւարարուած են Դիմադրութեան զէնքին, իրանեան բռնագրաւումին եւ լիբանանեան պետութեան վրայ Հըզպալլայի բանեցուցած հակակշիռին անդրադառնալով», ըսաւ ան:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նկատել տուաւ, որ այս տարուան երեսփոխանական ընտրութիւնները ճակատագրական են եւ անկիւնադարձային, որովհետեւ անոնք ամէնէն վտանգաւոր ճակատամարտը կը նկատուին, եւ անոնցմէ կախեալ պիտի ըլլան յաջորդ ճակատամարտներուն արդիւնքները: «Հետեւաբար պէտք է լուրջ մօտեցում որդեգրել, քուէարկութեան մեծ համեմատութիւն արձանագրել, ինչպէս նաեւ ապահովել ո՛չ միայն կուսակցութեան թեկնածուներուն յաջողութիւնը, այլ տարբեր ընտրաշրջաններուն մէջ ամրապնդել մեր դաշնակիցներուն իրավիճակը», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Պայտընի Խորհրդականն ու ՄԱԿ-ի Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Ֆայեատ Շիայի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մարզին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.