Լիբանանեան

Դատախազ Ղատա Աունի Որոշումով  Ռաժա Սալամէի Կալուածներուն Դէմ  Արգելք Կը Հաստատուի

Դատախազ Ղատա Աունի Որոշումով Ռաժա Սալամէի Կալուածներուն Դէմ Արգելք Կը Հաստատուի

Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն երէկ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եղբօր` Ռաժա Սալամէի բոլոր ինչքերուն եւ կալուածներուն դէմ արգելք հաստատեց` պաշտպանելու համար Լիբանանի պետական գանձարկղին իրաւունքները, որոնք մսխուած են` ըստ նախնական հետաքննութեան: Միւս կողմէ, դատախազ Աուն Ռիատ Սալամէն ամբաստանեց ապօրինի հարստացումի ու դրամի լուացումի յանցանքներով: Աուն նման յանցանքներով ամբաստանած է նաեւ Ռաժա Սալամէն եւ ուքրանացի Աննա Քոզաքովան,...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   «Տեղեկատուական «Պատուոյ Ուխտ»-ին  Պէտք Է Յանձնառու Ըլլալ»   Շեշտեց Զիատ Մքերի

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Տեղեկատուական «Պատուոյ Ուխտ»-ին Պէտք Է Յանձնառու Ըլլալ» Շեշտեց Զիատ Մքերի

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ զանոնք սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած զգայուն եւ դժուար իրավիճակը: Հանդիպումէն ետք Մքերի յայտնեց, որ Լիբանան լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր` աւելցնելով, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է գործակցին իրարու հետ, որպէսզի կարենան տագնապները...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 399 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 24.000 լ. ոսկիի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կողմէ, Լիբանանի նկատմամբ հետաքրքրութիւն մը շօշափած է, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութեան ընդգծում: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատէ...

Միքաթի. «Կառավարութեան Նպատակն Է  Երկրին Հաւասարակշռութիւնները Պահպանել»

Միքաթի. «Կառավարութեան Նպատակն Է Երկրին Հաւասարակշռութիւնները Պահպանել»

Դատական Իշխանութիւններուն Եւ Դրամատուներուն Միջեւ Մագլցումները Կրնան Սրիլ Մինչ Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն այսօր հարցաքննութեան հրաւիրած է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, վերջինս կը զգուշացնէ պատասխանատուները, թէ ինք պատրաստ է ամէն ինչ բացայայտել, եթէ իր եղբայրը` Ռաժա Սալամէն դատավարութեան ենթարկուի: Քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահն ու անոր քաղաքական խմբաւորումը դրամատուներու հարցով իրենց սկսած մագլցումը մտադրած են...

Նախագահ Աուն Մեկնեցաւ Հռոմ

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու ընդհանուր իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցերն ու ընտրական նախապատրաստութիւնները: Պըրրի եւ Յ. Բագրատունի ընդգծեցին երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:  

Նախագահ Աուն Մեկնեցաւ Հռոմ

Նախագահ Աուն Մեկնեցաւ Հռոմ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին մեկնեցաւ Հռոմ: Ան այսօր կէսօրէ առաջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ, Վատիկանի մէջ: Նախագահ Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ պապական ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Փեթրօ Փարոլինի եւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Փոլ Կալակերի հետ: Նախագահ Աունի կ՛ընկերակցին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ եւ...

Գահիրէի Մէջ.   «Լիբանան Եւ Եգիպտոս Պէտք Է Շարունակեն  Արեւելքին Եւ Արեւմուտքին Միջեւ Կամուրջ Ըլլալ  Եւ Խաղաղութիւնն Ու Կայունութիւնը Ամրապնդել»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Գահիրէի Մէջ. «Լիբանան Եւ Եգիպտոս Պէտք Է Շարունակեն Արեւելքին Եւ Արեւմուտքին Միջեւ Կամուրջ Ըլլալ Եւ Խաղաղութիւնն Ու Կայունութիւնը Ամրապնդել» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթ, 19 մարտ 2022-ին,  Գահիրէի Ս. Յովսէփ վանքին մէջ մատուցեց պատարագ մը, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ նշեց, որ մարոնի համայնքի զաւակները Լիբանանի այլ համայնքներու զաւակներուն հետ հասած են Եգիպտոս եւ իրենց հետ տարած մշակութային, տնտեսական եւ բարգաւաճման աւանդ, որոնցմով կը հպարտանան: «Մեզի համար հպարտութիւն է նաեւ գրականութեան, արաբերէն լեզուի եւ տեղեկատուական բնագաւառներուն զարթօնքին...

Զըհըննի` Լիբանանի Ճարտարարուեստի Մարզի  Սեփականատէրերու Ընկերակցութեան Նոր Նախագահ

Զըհըննի` Լիբանանի Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերու Ընկերակցութեան Նոր Նախագահ

Անցեալ շաբաթավերջին «Հապթուր» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան վարչական խորհուրդի ընտրութիւնը, որուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրեց Սելիմ Զըհըննիի գլխաւորած ցանկը` մրցակիցի չգոյութեան պատճառով: Այս առիթով, Զըհըննի շեշտեց բոլորին ջանքերը մէկտեղելու կարեւորութիւնը` ի խնդիր ճարտարարուեստի մարզին եւ ազգային տնտեսութեան բարելաւման: Զըհըննի ընդգծեց, որ ինք պիտի շարունակէ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախկին պատասխանատուներուն ուղիով: Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու մարզի սեփականատէրերու...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 361 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 22.900 լ. ոսկիի: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ շաբաթավերջին «Իմամ Մեհտի» սկաուտական շարժումին հետ ունեցած իր տարեկան հանդիպումին ընթացքին հերքեց այն լուրերը, թէ Հըզպալլայի մարտիկներ ուղղուած են Ուքրանիա` Ռուսիոյ բանակին կողքին...

Իշխանութեան Պետերը Կոչ Ուղղեցին  Միացեալ Նահանգներուն Շարունակելու Իրենց  Միջնորդութիւնը` Ծովային  Սահմանագծումին Հարցով

Իշխանութեան Պետերը Կոչ Ուղղեցին Միացեալ Նահանգներուն Շարունակելու Իրենց Միջնորդութիւնը` Ծովային Սահմանագծումին Հարցով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրին Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որոնց հետ քննարկեց ծովային սահմանագծումի թղթածրարին հարցով ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայնի ներկայացուցած առաջարկը: Հանդիպումին ընթացքին իշխանութեան պետերը կոչ ուղղեցին Միացեալ Նահանգներուն շարունակելու իրենց միջնորդութիւնը` ծովային սահմանագծումին իմաստով Իսրայէլի հետ ընթացող անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ: Իշխանութեան պետերը ամերիկացի միջնորդին կոչ ուղղեցին գործելու Լիբանանի գերագոյն...

Միքաթի. «Ոստիկանական Միջոցներու  Օգտագործումը Վնաս Կը Հասցնէ Թէ՛ Դատական  Իշխանութեան Եւ Թէ՛ Դրամատնային Համակարգին»

Միքաթի. «Ոստիկանական Միջոցներու Օգտագործումը Վնաս Կը Հասցնէ Թէ՛ Դատական Իշխանութեան Եւ Թէ՛ Դրամատնային Համակարգին»

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Հանրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ դատական իշխանութեան անկախութեան եւ անոր գործերուն միջամուխ չըլլալու յանձնառութեան զուգահեռ կայ երկրին կացութիւնը, յատկապէս ելեւմտական կացութիւնը կայուն պահելու յանձնառութիւնը: Ան հաստատեց, որ դատական իշխանութեան իրաւունքն է ելեւմտական որեւէ հարցով հետաքննութիւն բանալ, սակայն ոստիկանական միջոցներու օգտագործումը վնաս կը հասցնէ...

Վրոնեցքա. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Տիրող Համեմատական  Հանդարտութիւնը Դիւրաբեկ Է»

Վրոնեցքա. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տիրող Համեմատական Հանդարտութիւնը Դիւրաբեկ Է»

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նախանցեալ օր գումարեց դռնփակ նիստ մը` քննարկելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի տեղեկագիրը, որ կը վերաբերէր հարաւային Լիբանանի մէջ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան: Ապահովութեան խորհուրդը այս շրջագիծին մէջ լսեց Լիբանանի մէջ Կութիերեսի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի եւ խաղաղապահ գործողութիւններու գծով Կութիերեսի ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ Լա Քրուայի զեկուցումները: Վրոնեցքա ողջունեց Ապահովութեան խորհուրդին ցուցաբերած հզօր նեցուկը Լիբանանին, որ կը...

Պու Հապիպ Ընդունեց Պայտընի Ներկայացուցիչը  Եւ Թրաֆի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Վրայ  Ռուսիա-Ուքրանիա Տագնապին Ունենալիք Հետեւանքները

Պու Հապիպ Ընդունեց Պայտընի Ներկայացուցիչը Եւ Թրաֆի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Վրայ Ռուսիա-Ուքրանիա Տագնապին Ունենալիք Հետեւանքները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի`  յատուկ կարիքներ ունեցող անձերու հարցերով խորհրդական Սարա Մընքարան, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ յատուկ կարիքներ ունեցող անձերուն պարզած իրավիճակը` ընդգծելով անոնց կացութիւնը բարելաւելու եւ զանոնք լիբանանեան հասարակութեան մէջ համարկելու կարեւորութիւնը: Պու Հապիպ ընդունեց...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 497 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 23.400 լ. ոսկիի: ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն, հարցաքննելէ եւ ձերբակալելէ ետք Ռաժա Սալամէն, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն հրաւիրեց հարցաքննութեան` երկուշաբթի, 21 մարտ 2022-ին: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց...

Նախագահ Աուն. «Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ  Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները Կը Սպառնան  Հարաւային Լիբանանի Կայունութեան»

Նախագահ Աուն. «Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները Կը Սպառնան Հարաւային Լիբանանի Կայունութեան»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան եւ աշխատանքը համադրելու կարեւորութիւնը` պաշտպանելու համար շրջանին հանդարտութիւնն ու կայունութիւնը: Նախագահ Աուն Լազարոյին մաղթեց յաջողութիւն` անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով:...

«Պիտի Արտօնուի՞ Իսրայէլին` Լիբանանեան  Ջուրերուն Մէջ Գտնուող Նաւթահորերը Պեղել»  Հարց Տուաւ Պասսամ Եասին

«Պիտի Արտօնուի՞ Իսրայէլին` Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող Նաւթահորերը Պեղել» Հարց Տուաւ Պասսամ Եասին

Լիբանանի ծովային սահմանագծումին շուրջ բանակցող զինուորական թեքնիք պատուիրակութեան նախագահ գնդապետ-զօրավար Պասսամ Եասին երէկ յայտնեց, որ մինչ սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններու ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայն կը ներկայացնէ առաջարկ մը, որ լիբանանցիներուն ուշադրութիւնը կը շեղէ «Քարիշ»-ի նաւթային հանքատարածքէն, 11 մարտ 2022-ին այդ շրջանը հասած է «Սթենա Այսմեքս» նաւթահորերու ու կազի հանքերու պեղման յատուկ նաւը, որ «Հալիպըրթըն» ընկերութեան կը պատկանի եւ աշխատանքային պայմանագիր մը...

Դատախազ Ղատա Աունի Որոշումով Ռիատ  Սալամէի Եղբայրը Կը Ձերբակալուի…

Դատախազ Ղատա Աունի Որոշումով Ռիատ Սալամէի Եղբայրը Կը Ձերբակալուի…

Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն երէկ հարցաքննեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եղբայրը` Ռաժա Սալամէն` անոր անունով Լիբանանէն դուրս կատարուած նիւթական փոխանցումներուն հարցով: Հարցաքննութենէն ետք դատախազ Աունի որոշումով Ռաժա Սալամէ ձերբակալուեցաւ: ...Եւ «Քրետիթ» Դրամատան Դէմ Արգելք Կը Հաստատուի Դատախազ Աուն երէկ հրապարակեց նաեւ որոշում մը, որ «Քրետիթ» դրամատան կալուածներուն, ինքնաշարժներուն ու շահաբաժիններուն վրայ արգելք կը հաստատէ: Աուն արձակեց...

Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը  Յայտարարեց Լիբանանի Մէջ Բազմերես  Աղքատութեան Ցուցանիշը

Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Յայտարարեց Լիբանանի Մէջ Բազմերես Աղքատութեան Ցուցանիշը

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը` Միջազգային դրամատան հետ գործակցաբար, յայտարարեց Լիբանանի մէջ բազմերես աղքատութեան ցուցանիշը: Պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կեդրոնատեղիին մէջ` հովանաւորութեամբ փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի եւ ներկայութեամբ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմի, Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչ Հանին Սէյիտի եւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանի: Այս առիթով Մ. Կիտանեան յայտնեց, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը օգտագործած է 2018-2019...

Ճ. Պուչիքեան. «Ներդաշնակութիւնը  Պահանջուած Է`  Երաշխաւորելու Համար Սննդեղէնի  Ապահովութեան Շարունակականութիւնը»

Ճ. Պուչիքեան. «Ներդաշնակութիւնը Պահանջուած Է` Երաշխաւորելու Համար Սննդեղէնի Ապահովութեան Շարունակականութիւնը»

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ սննդեղէնի արտածման, շուկայադրումին, ներածման եւ վաճառումին պատասխանատու հեղինակութիւններու հետ: Ներկայ գտնուեցան Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան փոխնախագահ Ժորժ Նասրաուի, Սննդեղէնի ճարտարարուեստի սենտիքայի նախագահ Մունիր Պսաթ, Հանրախանութներու սենտիքայի նախագահ Նեպիլ Ֆահըտ, Սննդեղէնի ներածումի սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի եւ այլ պատասխանատուներ: Հանդիպումին ընթացքին Ճ. Պուչիքեան յայտնեց, որ այս երեք կողմերուն աշխատանքը պէտք է...

Ուքրանիոյ Լիբանանեան Գաղութ. «Կառավարութիւնը  Պէտք Է Զգուշացնէ Քաղաքացիները Ուքրանիոյ  Պատերազմին Մասնակից Դառնալէ»

Ուքրանիոյ Լիբանանեան Գաղութ. «Կառավարութիւնը Պէտք Է Զգուշացնէ Քաղաքացիները Ուքրանիոյ Պատերազմին Մասնակից Դառնալէ»

Ուքրանիոյ լիբանանեան գաղութը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ինք կը գտնուի ծանր եւ զգայուն պայմաններու տակ, ցաւ կը զգայ Ուքրանիոյ դէմ մղուող այս ահաւոր պատերազմին, արձանագրուած մարդկային կորուստին եւ երկրին հասած քանդումին համար: Ուքրանիոյ լիբանանեան գաղութը հաստատեց, որ տեղեկատուական պատերազմի շրջագիծին մէջ կը խօսուի Միջին Արեւելքէն վարձկան կռուողներ զինուորագրելու մասին: «Իբրեւ Ուքրանիոյ մէջ ապրող լիբանանցիներ, Ուքրանիոյ մէջ...

Page 350 of 988 1 … 349 350 351 … 988

Արխիւներ