Ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ 15 մայիս 2022-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն ամբողջ գումարը ապահովուած է եւ ուղարկուած առ որ անկ է:
Միւս կողմէ, նախանցեալ օր, կէս գիշերին աւարտեցաւ 2022-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուներու արձանագրութեան ժամկէտը: Ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածուներուն թիւը հասաւ 1043-ի, որոնցմէ 155-ը` իգական սեռի ներկայացուցիչներ, այլ խօսքով` թեկնածուներուն 15 առ հարիւրը:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի ուղղուեցաւ ներքին գործոց նախարարութիւն, ուրկէ ան կոչ ուղղեց տեղական եւ միջազգային հասարակութեան` մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններու հսկողութեան` փաստելու համար անոնց թափանցիկութիւնն ու պարկեշտութիւնը:
Մաուլաուի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները հեզասահ պիտի ըլլան` շեշտելով, որ քաղաքացիները պէտք է ազատ կամքով մասնակցին այս ընտրութիւններուն` ամրապնդելու համար երկրին ժողովրդավարական վարչակարգը: