Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց ուժանիւթի մարզին վերաբերող զարգացումները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ելեկտրականութեան հոսանքի մատակարարման ժամերը աւելցնելու ջանքերուն:
Հանդիպումէն ետք Ֆայեատ յայտնեց, որ Շիայի մօտ շօշափած է նոյն յանձնառութիւնը, ինչ որ էր անցեալին` Լիբանանին օժանդակելու եւ Եգիպտոսէն ու Յորդանանէն կազ եւ ելեկտրականութիւն Լիբանան փոխադրելու առումով: Ան աւելցուց, որ կան որոշ քայլեր, որոնք պէտք է առնուին կառավարութեան կողմէ` ելեկտրականութեան ծրագիրին վերաբերեալ վերջնական համաձայնութեան համար:
Ան շեշտեց, որ ելեկտրականութեան ծրագիրը ֆինանսաւորող կողմերը, որոնցմէ գլխաւորը` Միջազգային դրամատունը, կը փափաքին, որ այդ ծրագիրը ներկայացուի հանրութեան: «Ելեկտրականութեան ծրագիրը քաղաքականացած ծրագիր մը չէ, այլ` գիտական չափանիշներու վրայ հիմնուած է, այնպիսի չափանիշներ, որոնք Ֆրանսայի ելեկտրականութեան ընկերութեան կողմէ ճշդուած են», ըսաւ ան:
Ֆայեատ նշեց, որ երկրորդ քայլը ծրագիրին ֆինանսաւորումն է` Միջազգային դրամատան կողմէ, իսկ երրորդ քայլը` ամերիկեան վարչակազմին համաձայնութիւնը` դէպի Լիբանան կազ ու ելեկտրականութիւն փոխադրելու գործառնութիւնը նկատել «Սիզըր» պատժամիջոցէն անկախ բացառութիւն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ համաշխարհային տագնապներուն վերաբերող հարցեր:
Իր կարգին, Շիա շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆայեատին, անոր հետ ունեցած դրական քննարկումներուն համար` աւելցնելով, որ ինք քաջալերուած կը զգայ, երբ նշմարէ, թէ ելեկտրականութեան մարզին մէջ յատուկ զարգացումներ կ՛արձանագրուին:
Շիա գնահատեց Ֆայեատի ջանքերը` հաստատելով, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ Լիբանանը բացառել «Սիզըր» պատժամիջոցներէն: