Լիբանանեան

Պըրրի Յայտարարեց Ամալ Շարժումի Թեկնածուներուն Անունները

Պըրրի Յայտարարեց Ամալ Շարժումի Թեկնածուներուն Անունները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Այն Թինէի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Պըրրի յայտնեց, որ այս ընտրութիւններուն կապակցութեամբ ինք կը շօշափէ միջազգային եւ շրջանային հսկայ հետաքրքրութիւն մը, հակառակ անոր որ աշխարհը կը գտնուի Համաշխարհային Գ. պատերազմի կամ սերտուած համաձայնութեան մը սեմին: «Հակառակ աշխարհին մէջ տիրող այս իրավիճակին, միջամտութիւններն ու հետաքրքրութիւնը չեն...

Վարչապետ Միքաթի Իր Թեկնածութիւնը Պիտի Չառաջադրէ

Վարչապետ Միքաթի Իր Թեկնածութիւնը Պիտի Չառաջադրէ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ: Ան յաջողութիւն մաղթեց բոլորին` հաստատելով, որ ինք պիտի զօրակցի անոնց, որոնք կ՛ընտրուին ժողովուրդին կողմէ: «Պիտի գործակցիմ բոլորին հետ` ապահովելու համար բոլորին շահերը», ըսաւ ան: Միքաթի շեշտեց, որ քուէատուփերուն մէջ նետուող իւրաքանչիւր քուէ կարողութիւն ունի...

Դատախազ Ղատա Աուն Արգիլեց Ռիատ Սալամէն Իր Բոլոր Կալուածներն Ու Ինքնաշարժները Գործածելէ

Կարգ Մը Դրամատուներու Սեփականատէրերուն Համար Կ՛արգիլուի Իրենց Կալուածներով Ազատ Վարուելու Իրաւունքը

Հիմնուելով քաղաքացիական գործիչ, իրաւաբան Հայսամ Ըզզոյի կողմէ կարգ մը դրամատուներու սեփականատէրերուն դէմ ներկայացուած բողոքին վրայ, Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ դրամատուներու սեփականատէրերուն կ՛արգիլուի իրենց կալուածներով ազատօրէն վարուելու իրաւունքը: Նշենք, որ ուրբաթ, 11 մարտ 2022-ին, դատախազ Ղատա Աուն արգիլեց Լիբանանի մէջ գործող հինգ դրամատուներու ընդհանուր տնօրէններուն ճամբորդելու իրաւունքը եւ այդ որոշումը յղեց...

Ժահժահ Յայտարարեց Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Ընտրարշաւին Մեկնարկը

Ժահժահ Յայտարարեց Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Ընտրարշաւին Մեկնարկը

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ կէսօրին Մեհրապի մէջ յայտարարեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ընտրարշաւին մեկնարկը` «Մենք կ՛ուզենք, մենք կարող ենք» կարգախօսով: Իր արտասանած խօսքին մէջ Ժահժահ յայտնեց, որ իրենց մղած պայքարը գոյութենական պայքար է, «կա՛մ այն է, որ Լիբանանի մնացորդացը կը պահպանենք եւ մեր կորսնցուցածը կը վերականգնենք, կա՛մ այն է, որ Լիբանանի վերացման վկաները կը դառնանք»: Ան նկատել տուաւ,...

«Կրեթթա»-ն Այսօր Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ` Հնչեցնելով Ձիւնի Երգը

«Կրեթթա»-ն Այսօր Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ` Հնչեցնելով Ձիւնի Երգը

Մազութի տագնապին եւ երկրին մէջ տիրող վառելանիւթի ահաւոր սղաճին զուգահեռ, Լիբանանը հարուածող «Կրեթթա» ցուրտի ալիքը կը շարունակէ յաւելեալ ուժգնութեամբ հարուածել Լիբանանը: Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակին համաձայն, առատ ձիւնը պիտի շարունակէ տեղալ լեռներուն վրայ, ինչպէս նաեւ ծովու մակերեսէն 700 մեթր բարձրութեան վրայ: Այսօր գիշեր ձիւն պիտի տեղայ ծովու մակերեսէն 500 մեթր բարձրութեան վրայ: Մայրաքաղաքին մէջ տեղատարափ անձրեւները պիտի շարունակուին, իսկ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 632 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 22.450 լ. ոսկիի: ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան այսօր պիտի այցելէ Լիբանան: ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյր Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն եւ Մոհամետ պըն Սալման գահաժառանգ...

«Կրեթթա» Ցուրտի Ալիքը Յաւելեալ  Ուժգնութեամբ Կը Շարունակէ  Հարուածել Լիբանանը

«Կրեթթա» Ցուրտի Ալիքը Յաւելեալ Ուժգնութեամբ Կը Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը

Հակառակ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ արձանագրուած որոշ շարժին, ինչպէս նաեւ թեկնածուներու առաջադրման ժամկէտի աւարտին մօտենալուն, երկրին մէջ տակաւին ընտրական մթնոլորտ գոյութիւն չունի: Ճիշդ է, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին պիտի հրաւիրէ մամլոյ ասուլիսի մը, Այն Թինէի մէջ, սակայն լիբանանցին զբաղած է ալիւր, ձէթ եւ սննդեղէնի այլ պաշարներ, ինչպէս նաեւ դեղորայք ապահովելով, որպէսզի շարունակէ...

Ռաատ. «Միացեալ Նահանգներ Տնտեսական  Իրենց Խստագոյն Ճնշումը  Կը Բանեցնեն Լիբանանի Վրայ»

Ռաատ. «Միացեալ Նահանգներ Տնտեսական Իրենց Խստագոյն Ճնշումը Կը Բանեցնեն Լիբանանի Վրայ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն համար բաղձալի չէ, որ Դիմադրութիւնը շարունակէ Լիբանանի մէջ մնալ եւ դիմադրել սիոնական գոյացութեան, ինչպէս նաեւ արգիլել շրջանին մէջ Իսրայէլի թշնամական ծրագիրներուն գործադրութիւնը: Ռաատ նշեց, որ անոնք հաստատ կերպով պիտի մտածեն Դիմադրութեան թեւը ոլորել եւ ստիպել զայն` հրաժարելու իր ընտրանքներէն: Ռաատ դիտել տուաւ, որ անոնք փորձած...

Պասիլ. «Ընտրացանկերու Առումով  Համագործակցութիւնը Ծրագիրներու  Համագործակցութիւն Չի Նշանակեր,  Այլ` Քուէներու Միաձուլում Է»

Պասիլ. «Ընտրացանկերու Առումով Համագործակցութիւնը Ծրագիրներու Համագործակցութիւն Չի Նշանակեր, Այլ` Քուէներու Միաձուլում Է»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կուսակցութեան Է. տարեկան խորհրդաժողովին առիթով կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը 15 տարի տոկացած է` ազատագրումը իրականացնելու համար: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց յաւելեալ տարիներ եւս տոկալու` իրականացնելու համար ազատագրումը: «Մի՛ վախնաք, կը տոկանք եւ կը յաղթենք, իսկ սուտին կեանքը երկարատեւ չէ», ըսաւ ան: Պասիլ կոչ ուղղեց տեսնելու...

Սալամ Եւ Պու Հապիպ Մասնակցեցան  Անթալիոյ Խորհրդաժողովին

Սալամ Եւ Պու Հապիպ Մասնակցեցան Անթալիոյ Խորհրդաժողովին

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած «Դիւանագիտութեան վերականգնում» խորագիրը կրող խորհրդաժողովին, որուն շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար եւ լիբանանեան-թրքական միացեալ յանձնախումբի նախագահ Սիւլէյման Սոյլուի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տարբեր մարզերուն, յատկապէս` տնտեսութեան եւ առեւտուրի մարզերուն մէջ  երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: Սալամ եւ Սոյլու քննարկեցին նաեւ շրջանային զարգացումներն ու անոնց ունեցած...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 486 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 22.475 լ. ոսկիի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց քաղաքական ախորժակները հեռու պահելու կրթութեան մարզէն: Ռայի պատրիարքը չէզոքութեան անունով կոչ ուղղեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի...

Պըրրի Երկուշաբթի Օր Մամլոյ Ասուլիսի Մը Հրաւիրած Է, Իսկ Նախագահ Աուն Ընդունեց Տեղեկատուութեան Նախարար Զիատ Մքերին

Պըրրի Երկուշաբթի Օր Մամլոյ Ասուլիսի Մը Հրաւիրած Է, Իսկ Նախագահ Աուն Ընդունեց Տեղեկատուութեան Նախարար Զիատ Մքերին

Լիբանան կը գտնուի երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն ներկայացնելու ժամկէտի աւարտի սեմին, այս զարգացումներուն լոյսին տակ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երկուշաբթի, 14 մարտ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Այն Թինէի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց նոր նշանակուած տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքերին, որուն յաջողութիւն մաղթեց` ընդգծելով տեղեկատուութեան...

Վարչապետ Միքաթիի Հետ Հանդիպումէն Ետք.  Նախարար Պուչիքեան. «Իրաք Նախանձախնդիր Է  Զարկ Տալու Լիբանանեան Արտածումներու Քանակի Յաւելման»

Ճարտարարուեստի Նախարարութիւնը Կ’արգիլէ Լիբանան Արտադրուած Սննդեղէնի Որոշ Համեմատութեան Արտածումը

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան յայտնեց, որ նախարարութեան տուած այն որոշումը, որ կ’արգիլէ արտածել Լիբանանի մէջ արտադրուող սննդեղէնը` բացի եթէ նախարարէն արտօնութիւն ստացած է, կը միտի երկրին համար ռազմավարական պահեստ մը ապահովել` սննդեղէնի անվտանգութեան քաղաքականութեան խորագիրին ներքեւ: Ճ. Պուչիքեան շեշտեց սննդեղէնի անվտանգութեան քաղաքականութեան նախանձախնդիր մնալու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովուրդին սննդեղէնի անհրաժեշտ եւ տարրական կարիքները հոգալ: Նախարար Պուչիքեան յայտնեց, որ համաշխարհային...

Ուաշինկթընի Մէջ.   «Կառավարութիւնը Վճռած Է Լիբանանը Իր Տագնապէն  Դուրս Բերել Եւ Իր Նկատմամբ Միջազգային  Վստահութիւնը Վերահաստատել»  Շեշտեց Ամին Սալամ

Սալամ. «Հնդկաստան, Արժանթին Եւ Միացեալ Նահանգներ Ապահոված Են, Որ Կրնան Օժանդակել Լիբանանին` Անոր Ցորեն Տրամադրելով»

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ յայտնեց, որ ինք առաջիններէն էր, որ մերժած է լիբանանեան հացին սակը բարձրացնել, «սակայն լիբանանեան հացի արտադրութեան համար օգտագործուող բոլոր նիւթերը սղած են, հետեւաբար փուռերուն սեփականատէրերը իրենք են, որ կը հաստատեն, որ իրենց փուռերը պիտի փակեն, եթէ հացը սղի», նշեց ան: Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան ցորենի երկու ամսուան պաշար ունի` աւելցնելով, որ Հնդկաստանը, Արժանթինը եւ...

«Կրեթթա» Ցուրտի Ալիքը Ուժգին Կերպով Կը Հարուածէ Լիբանանը

«Կրեթթա» Ցուրտի Ալիքը Ուժգին Կերպով Կը Հարուածէ Լիբանանը

Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ նախանցեալ յետմիջօրէէն սկսեալ Լիբանան ենթակայ կը մնայ «Կրեթթա» ցուրտի ալիքին, որուն ուժգնութիւնը կրնայ տակաւին շաբաթ մը եւս տեւել: Լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը նուազեցաւ եւ տեղատարափ անձրեւ ու կարկուտ տեղաց: Ծովու մակերեսէն 800 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնեց, փակուեցան ճամբաները, ինչպէս նաեւ վնաս հասցուեցաւ ցանքերուն: Հիւսիսային Լիբանանի, յատկապէս Տըննիէի մէջ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու...

Ֆրենժիէ. «Սալամէի Բանտարկութիւնը Դրամատուներուն Մէջ Գումարներ Կորսնցուցած Քաղաքացիներուն Հարցը Չի Լուծեր»

Ֆրենժիէ. «Սալամէի Բանտարկութիւնը Դրամատուներուն Մէջ Գումարներ Կորսնցուցած Քաղաքացիներուն Հարցը Չի Լուծեր»

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ճարտարապետներու գրասենեակի անդամներուն հետ` հաստատելով, որ ինք յոռետես չէ, եւ անպայման պէտք է յանգիլ համաձայնութեան մը, որ կ’արտօնէ երկրին պահպանումն ու զարգացումը: Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ ճարտարապետներու մարզը հիմնական է` ծրագիրներ ներկայացնելու իմաստով: «Լիբանան տակաւին իր տարածութենէն 40 առ հարիւրը ունի, եւ անոր կողմէ օրէնքներն ու արդիւնաբերական մարզերուն միախառնումը կարեւոր են`...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 932 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 22.600 լ. ոսկիի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 22.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 23.000 լ. ոսկիով, մազութը`...

Կառավարութիւնը Համաձայն Չգտնուեցաւ  Մեկասենթըրներու Դրութեան Եւ Զիատ Մքարին  Նշանակեց Տեղեկատուութեան Նախարար

Կառավարութիւնը Համաձայն Չգտնուեցաւ Մեկասենթըրներու Դրութեան Եւ Զիատ Մքարին Նշանակեց Տեղեկատուութեան Նախարար

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, նախագահական պալատին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 18 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն հիմնականն էր ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի կողմէ մեկասենթըրներու դրութեան մասին զեկուցումը, սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի հարցն ու կարգ մը անմիջական այլ հարցեր: Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ գնդապետ Հասան Շքէյրը...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արդարութեան  Եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարները

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արդարութեան Եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց արդարութեան նախարար Հանրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ նախարարական յանձնախումբերուն աշխատանքները, յատկապէս մեկասենթըրի դրութեան թղթածրարն ու դատական ատեաններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները` տիրող կենցաղային եւ տնտեսական ճնշող պայմաններուն լոյսին տակ: Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսարը, որ նախագահ Աունին ներկայացուց Իտալիա կատարած իր վերջին այցելութեան արդիւնքները, յատկապէս` Իտալիոյ եւ...

Վարչապետ Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց  Ապահովական Խորհուրդին Ներկայացուելիք  Տեղեկագիրին Վերաբերող Մանրամասնութիւններ

Վարչապետ Միքաթի Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Ապահովական Խորհուրդին Ներկայացուելիք Տեղեկագիրին Վերաբերող Մանրամասնութիւններ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց 17 մարտ 2022-ին Ապահովութեան խորհուրդին գումարելիք ժողովը, որ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան: Վարչապետ Միքաթի մաղթեց, որ ՄԱԿ այս փուլին աշխուժացնէ իր շարժումները` Լիբանանին զօրակցելու համար, որովհետեւ երկիրը իսկապէս դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ: Միքաթի յոյս յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը...

Page 352 of 988 1 … 351 352 353 … 988

Արխիւներ