Պըրրի Ստանձնեց Եւրոպական Միութեան Դէտերուն Պատրաստած Տեղեկագիրը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող Եւրոպական Միութեան դէտերու յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Ճիորճիօ Հոլվինիի եւ ընկերակցութեամբ յանձնախումբի փոխնախագահ Եարիք Տոմայնսքիի եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆի: Հոլվինի Պըրրիին յանձնեց 2022-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին Եւրոպական Միութեան դէտերուն պատրաստած տեղեկագիրը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ...




















