Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ երէկ յայտնեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու մարզը չի կրնար գոյատեւել իր ծառայութեան եւ աշխատանքին մէջ` առանց սակերը բարձրացնելու, «սակայն դժբախտաբար նախարարութեան աշխատանքային վերջին փուլն է արդէն եւ տակաւին ոչ մէկ արդիւնք արձանագրուած է», ըսաւ ան:
Քըրըմ հաստատեց, որ հաղորդակցութեան ծառայութեան սակը փոփոխութեան ենթարկելով կարելի կ՛ըլլայ ներդրում կատարողներուն նիւթական պարտաւորութիւնները կատարել` նկատի ունենալով, որ անոնք միջազգային ընկերութիւններ են, ինչպէս` «Հաուաուի»-ն, «Էրիքսըն»-ը եւ ուրիշներ, որոնք ամերիկեան տոլարով կը վճարուին:
Քըրըմ շեշտեց, որ կարելի չէ առանց գումար եւ ներդրում ապահովելու ծրագիր մշակել` աւելցնելով, որ կարեւորագոյնը այն է, որ նիւթական մուտքը ապահովուած է: «Անշուշտ կան կարգ մը հարցեր, զորս չենք կրնար սանձել, ինչպէս` «Ալֆա», «Թաչ» եւ «Օժերօ» ընկերութիւններէն աւազակութիւնը` հաղորդակցութեան թելերու, բարդերու եւ այլ: Ամսական դրութեամբ նման տեսակի 50 գողութիւններ կ՛արձանագրուին», ըսաւ Քըրըմ` աւելցնելով, որ քաղաքապետարաններուն եւ գաղտնի սպասարկութեան հետ կը գործակցին` բացայայտելու համար յանցագործները:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ կան կարգ մը շրջաններ, ուր կարելի չէ ուժանիւթ արտադրող արեւային սարքեր տեղադրել, հետեւաբար կ՛օգտագործենք իսկական շարժակներ:
Քըրըմ անդրադարձաւ «Օժերօ»-ի շարժակները մարելու հարցին` հաստատելով, որ ուշացումը կը պատահի պետական մարզի պաշտօնէութեան յայտարարած բաց գործադուլին պատճառով` աւելցնելով, որ մազութ ապահովելու գումարները արդէն իսկ գոյացած են: «Նոր օրէնքին հիման վրայ ներդրումային բոլոր ծախսերը պէտք է կառավարութեան կողմէ վաւերացուին», հաստատեց ան:
Քըրըմ ընդգծեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան նոր սակերը տեղադրուած են բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն պաշտօնական կայքերուն վրայ, ուրկէ քաղաքացիները կրնան ստուգումներ կատարել:
Ան նկատել տուաւ, որ այսօրուընէ սկսեալ շուկային մէջ պիտի գտնուին բջիջայինի նոր փաթեթներ 4 տոլար եւ 7 տոլար արժողութեամբ: «Ես կը հասկնամ քաղաքացիներուն ցաւը, սակայն կը խնդրեմ անոնցմէ նաեւ հասկնալ հաղորդակցութեան միջոցներուն պարզած իրավիճակը, որովհետեւ այլընտրանք չունէինք», եզրափակեց ան:


