Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նիստ` Միքաթիի Ներկայութեամբ

July 1, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ինչպէս նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ եւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ:

Յանձնախումբը քննարկեց 2022-ի պետական ամավարկին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ելեւմտական կարգ մը օրինագիծեր, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են Տնտեսական ապաքինումի ծրագիրին:

Նիստին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին կողմէ արձանագրուած ուշացումը օրական դրութեամբ 25 միլիոն տոլարի վնաս կը պատճառէ Լիբանանին:

Իր կարգին, Քանաան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենց կեցուածքը այն է, թէ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները ապահովուած են երկրին սահմանադրութեամբ, «հետեւաբար անոնք պէտք է ապահովուին Տնտեսական ապաքինումի ծրագիրին մէջ նշուած վնասներու արդար բաժանումին ընդմէջէն:

Քանաան յայտնեց, որ կան էական բարեփոխումներ, որոնք պիտի գործադրուին:

Քանաան նշեց, որ ելեւմուտքի նախարարութենէն պահանջած են յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին պատրաստել ուսումնասիրութիւն մը, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ ճշդել ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը լիբանանեան դրամանիշով եւ անոր ունեցած ազդեցութիւնը քաղաքացիին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջնականացնել պետական ամավարկը:

Քանաան հաստատեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութենէն իմացած են, որ Տնտեսական ապաքինումի ծրագիրը բարեփոխումի պիտի ենթարկուի` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրին մէջ նկատի պիտի առնուին դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարներն ու ժողովուրդին իրաւունքները:

Քանաան ընդգծեց օրէնսդրական աշխատանիստ մը իրագործելու խորհրդարանին պատրաստակամութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն են վստահութիւնը վերահաստատելու կարեւորութեան, «որ անշուշտ կ՛իրականանայ ժողովուրդին իրաւունքները պահպանելով եւ տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելով», շեշտեց ան:

Նշենք, որ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա ընդգծեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը կը պնդէ, որ վնասներու բաժանումը դրամատան մէջ գումար ունեցող քաղաքացիին հաշուոյն չըլլայ:

Նախորդը

Պու Սաապ Հաստատեց Հոքշթայնի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Դրական Ըլլալը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Մքերիի Հետ Քննարկեց Մոնտիալի Խաղերը Սփռելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.