ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1320 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 28.400 լ. ոսկիի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 4000 լ. ոսկիով, մազութը` 33.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 7000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 672.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 683.000 լ. ոսկի, մազութը` 714.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 340.000 լ. ոսկի:
«ՆԱՇՐԱ» կայքը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վստահելի աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անցնող օրերուն ընթացքին այցելած է Դամասկոս, ուր հանդիպումներ ունեցած է սուրիացի կարգ մը պատասխանատուներու հետ` լուսարձակներէ հեռու: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են շրջանային իրադարձութիւններն ու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ օրական դրութեամբ 400 հազար կապ արաբական հաց կը տրամադրուի սուրիացի տեղահանուածներուն` աւելցնելով, որ անոնք են, որ պետական օժանդակութենէն կ՛օգտուին: Սալամ ընդգծեց նաեւ, որ մաքսանենգումը կարելի չէ զսպել, որովհետեւ հացի պարագային ալ սեւ շուկայ գոյութիւն ունի:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Իսամ Շարաֆէտտին յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին իմաստով որոշում գոյացած է` ընկերային հարցերու նախարարութեան գործակցութեամբ: Շարաֆէտտին յայտնեց, որ այդ որոշումին համաձայն, որոշ քանակով տեղահանուածներ ամսական դրութեամբ տունդարձ պիտի կատարեն, իսկ սուրիական իշխանութիւնները յանձնառու պիտի մնան տունդարձ կատարող իրենց քաղաքացիներուն բնակարաններ տրամադրելու խոստումին:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ Լիբանան լուրջ դժուարութեան դէմ յանդիման կը գտնուի` յառաջիկայ վերամուտը կամ կրթական տարեշրջանը սկսելու:
ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ պետական դպրոցներու երկրորդական կարգերու ուսուցիչները բողոքի նստացոյց մը կատարեցին Սայտայի սերային դիմաց` պահանջելով իրենց ապրուստի պայմաններուն բարելաւումը:


