Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 1, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1377 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 27.800 լ. ոսկիի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորագիր մը յղեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` 30 յունիս 2013-ի յեղափոխութեան առիթով: Պըրրի իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Սիսիին, Եգիպտոսին եւ եգիպտացի ժողովուրդին:

ՏԱՐ Ֆաթուա յայտարարեց, որ շաբաթ, 9 յուլիս 2022-ին կը զուգադիպի Ատհայի տօնին առաջին օրը, այս առիթով շնորհաւորելով բոլոր լիբանանցիները: Նշենք, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 3000 լ. ոսկիով, մազութը` 22.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 11.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 676.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 687.000 լ. ոսկի, մազութը` 747.000 լ. ոսկիի, իսկ պիւթակազը` 347.000 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ երէկ ընդունեց Կնոջ եւ երեխայի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ինայա Իզզէտտինը, որուն հետ քննարկեց Սուրի կարիքները, որոնք անմիջական են եւ անյետաձգելի:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ ինք համաձայն է, որ ճնշում բանեցուի, եւ պետական պաշտօնեաներուն իրաւունքները վճարուին ու տրամադրուին: Ան աւելցուց նաեւ, որ ինք կը մերժէ բաց գործադուլի գաղափարը:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ հերքեց այն լուրերը, թէ հաղորդակցութեան ծառայութեան նոր սակերը բարձրացնելու որոշումը պիտի չգործադրուի այսօր` ուրբաթ, 1 յուլիս 2022-ին:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն յայտնեց, որ մեծ թիւով լրագրողներ իրենց խիղճը վաճառած են:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ընտրակաշառքը բացայայտօրէն տրուեցաւ` աւելցնելով, որ ինք եւ իր ընտանիքը սպառնալիքի ենթարկուած են քաոսի ընթացքին, սակայն չեն ընկրկած, այլ` վայելած են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան զօրակցութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջեց գործակցիլ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ` լիբանանցի գաղթականներուն ապահով լուծումներ տրամադրելու նպատակով:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը լարուած ռումբ մըն է` աւելցնելով, որ պէտք է տալ յանդուգն որոշումներ, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք վերադարձնել իրենց երկիրը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ ինք յաջորդ փուլին համար կը նախատեսէ նախագահական թափուր աթոռ մը` աւելցնելով, որ մինչեւ տարեվերջ կարելի պիտի չըլլայ գոյացնել միջազգային համաձայնութիւն մը: Ըստ Եաագուպի,  Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ չի փափաքիր, որ երկրին մէջ կառավարութիւն կազմուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ պէտք է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունն ու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը արգիլել նոր կառավարութիւնը կազմելէ: Ան հաստատեց, որ ինք վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ համաձայնութիւն չունի եւ բնականաբար հանրապետութեան նախագահութեան թիւ մէկ թեկնածուն է:

Նախորդը

«Արցախը Այսօր» Խորագիրով Զեկուցական Հանդիպում

Յաջորդը

Զբօսաշրջութեան Բարգաւաճման Ազգային Խորհուրդը Գումարեց Իր Առաջին Նիստը

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?