Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջանային Կարգավիճակի Անորոշ Ուրուագծումներու Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանանցի Ղեկավարներ Կը Փորձեն Հրատապ Հարցերը Հարթել Ձեռնտու Կարելի Միջոցներով

Յուլիս 4, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան կը շարունակէ տապլտկիլ իր ներքին քաղաքական թէ ապրուստի կենցաղային տագնապներով, որոնց լուծումը կը կարօտի բարեկարգումի արմատական քայլերու: Արմատական քայլեր, որոնց ձեռնարկումը ոմանց համար անիմաստ է ներկայի «փոխանցման շրջանին», երբ քանի մը ամիս ետք երկիրը կոչուած է թեւակոխել  քաղաքական նոր փուլ` նոր նախագահի ընտրութեան լոյսին տակ: Աւելի՛ն. շրջանը, Միջին Արեւելքը ինքնին` «յղի է» նոր կարգավիճակի  փոփոխութեանց երկունքով: Արդարեւ, գաղտնիք չէ, թէ շրջանին մէջ տիրող տասնամեակներու անկայունութենէն ետք, շրջանային թէ միջազգային առնչակից կողմեր լծուած են նոր կարգավիճակ «տնօրինելու» Միջին Արեւելքին: Առանց ընդարձակելու կարկինը նշենք, թէ մերթ գաղութարարութեամբ, մերթ արաբական գաղափարախօսութեամբ, մերթ ծայրայեղական ռազմավարութեամբ յատկանշուած այս շրջանը ենթակայ է մօտալուտ զգալի փոփոխութեանց: Այս իմաստով ամերիկեան «Ֆորէյն Ըֆերզ» շաբաթաթերթը անցնող ամիսներուն «Միջին Արեւելքի աւարտը» խորագրեալ երկար ուսումնասիրութիւն մը հրատարակած էր: Նոյն ծիրին մէջ, իրազեկ աղբիւրներու հաւաստումով, Իրան, Իսրայէլ եւ Թուրքիա պիտի վճռեն, եթէ ոչ ղեկավարեն, Միջին Արեւելքի նոր իրավիճակը,  ինչպէս նշեց երէկ լիբանանցի լրագրող-մեկնաբան Սարգիս Նաում պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: Հոսկէ` քաղաքական կարգ մը շրջանակներու դիտանկիւնէն, առայժմ բարեկարգումի արմատական որեւէ քայլ «անիմաստ է»` սպասելով յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուող նախագահական ընտրութեան արդիւնքին, որ կրնայ նոր կամ տարբեր ընթացք տալ հարցերու լուծման մօտեցման: Առ այդ, ոմանք նոյնիսկ նոր կառավարութեան կազմութիւնը անհաւանական կը նկատեն` դիտել տալով, թէ եղածը պարզապէս «ժամավաճառութիւն» է` սպասելով հոկտեմբեր 2022-ի նախագահական ընտրութեան ժամկէտին:

Այսուհանդերձ, լիբանանցի ղեկավարներ կը փորձեն տիրող քաղաքական, ապահովական, ապրուստի կենցաղային, տնտեսական թէ ենթակառոյցի նորոգման տագնապները հարթել կարելի ձեռնտու միջոցներով: Աւելի՛ն, լիբանանցի ղեկավարներ կը փորձեն լաւատեսութեան յոյս ներշնչել` «բաժակին լեցուն մասը» պարզելով:

Այս ծիրին մէջ, կը նախատեսուի, որ  վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր դարձեալ այցելէ Պաապտայի պալատ եւ փորձ մը եւս կատարէ կառավարութեան կազմութեան ուղղութեամբ` նախագահ Միշել Աունին ներկայացնելով կառավարութեան անդամներու նոր թեկնածուներու ցանկ մը:

Այս հարցը շաբաթավերջին կիզակէտը կազմեց քաղաքական թէ հոգեւոր կարգ մը պատասխանատուներու խորհրդակցութեանց: Այս ծիրին մէջ, Միքաթի շաբաթավերջին այցելեց  մարոնիներու Ռայի պատրիարքի ամառնային նստավայր Տիման, ուր Ռայի պատրիարքին հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան առնչուող հարցեր: Այս գծով նոյնպէս, Ռայի պատրիարքը երէկ իր կիրակնօրեայ հոգեւոր պատգամին մէջ շեշտեց կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան կարեւորութիւնը, հեռու` այս կամ այն կողմի նախապայմաններէն, յայտնապէս ակնարկելով խնդրայարոյց կարգ մը նախարարութիւններու (ներքին գործոց, ուժանիւթի եւ լուրի հարցերու ու ելեւմուտքի) գծով արծարծուող փոխադարձ նախապայմաններուն:

Նոյն ծիրին մէջ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, Ուալիտ Ժոմպլաթ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր ունեցած խորհրդակցութեան առիթով դրական նախանշաններ նկատեց եւ թելադրեց կառավարութեան անյապաղ կազմութիւնը:

Իսկ հարաւային ջրային սահմանագծումի ծիրին մէջ շաբաթավերջին  Հըզպալլայի արձակած անօդաչու թռչող սարքերը կրկնակի պատգամ ուղղեցին միաժամանակ հակառակորդ կողմին եւ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնին, թէ Լիբանան կառչած կը մնայ իր ջրային թէ անոր առնչակից կազային ու նաւթային հարստութեանց ապահովման իրաւունքին: Այս քայլը առիթ եղաւ իսրայէլեան պատկան պատասխանատուներու հակազդեցութեան, ըստ որոնց, «Հըզպալլայի այս քայլը ապահովական սպառնալիք կ՛ենթադրէ Իսրայէլի համար», այն իմաստով, որ «մինչեւ «Քարիշ» հասած անօդաչու սարքը յաջորդին կրնայ զինուած գալ…»: Իր կարգին, ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն, որուն շրջան «վերադարձը» կը նախատեսուի յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին, շաբաթավերջին կապի մէջ մտաւ լիբանանցի պատկան պատասխանատուներու, յատկապէս` խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի հետ` «լուսաբանութիւն հայցելով» անօդաչու թռչող սարքերու արձակման գծով:

Միւս կողմէ, Արաբական լիկայի վեցամսեայ նախագահութիւնը ստանձնելու համար, շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ գումարուած արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը դրական, խոստմնալից քայլ մըն էր ի նպաստ Լիբանանին ցուցաբերուած արաբական նիւթական թէ բարոյական զօրակցութեան առումով, ինչպէս հաստատեց լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ տուած իր միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Այս գծով կը նախատեսուի, որ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ այսօր ընդունի Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆը` ընկերակցութեամբ եւրոպական պատուիրակութեան մը:

Այս իմաստով ուշագրաւ էր նաեւ Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանի նշած կայունութեան ու բարեփոխման յանգելու կոչուած լաւատեսութեան դրական չորս ազդակները` լիբանանեան զբօսաշրջային աշխուժ ու խոստմնալից նախաքայլերը, լիբանանեան մարզական խումբի իրագործած հպարտառիթ յաղթանակը, լիբանանեան արտադրութեանց օգտագործումը ի սպաս զբօսաշրջութեան աշխուժացման աւելի քան արտաքին, օտար արտադրութիւնները եւ Լիբանանի հիւրընկալումը արաբ նախարարներու ժողովին, որ կրնայ քաջալերական քայլ նկատուիլ արաբական քոյր երկիրներու քաղաքացիներու Լիբանան այցելութեան:

Նաեւ` Ապրուստի ու Կենցաղային Հարցերու Գծով

Նմանապէս, պատկան պատասխանատուներ նախանձախնդիր են ապրուստի, կենցաղային թէ ենթակառոյցի նորոգման հարցերը հարթելու կարելի ձեռնտու միջոցներով: Այս ծիրին մէջ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայյատ մագոգային հանդիպումներ ունեցաւ եգիպտացի թէ առնչակից արաբ այլ պատասխանատուներու հետ` ապահովելու համար Եգիպտոսի, Սուրիոյ թէ Յորդանանի ճամբով կազի եւ ելեկտրական հոսանքի Լիբանան առաքումի կարելիութիւնը: Միաժամանակ, նախարար Ֆայյատ «զբաղեցաւ» Պէյրութի ջրաբաշխումի անակնկալ ընդհատման հարցի լուծման կարելիութիւններով, ինչ որ նիւթական նոր ծախսերու դուռ կը բանայ:

Սակայն…

Սակայն լիբանանցիք, որոնք «օրը նոր, տագնապը` նոր» թնճուկներու մէջ «ողողուած» են, անհամբեր են իրենց նորանոր հարցերուն լուծման գծով: Արդարեւ, տակաւին հացի տագնապը չէ աւարտած եւ շշուկներ կան, թէ անիկա առաւել եւս պիտի սրի յառաջիկայ երկու շաբաթներէն ետք, կան նաեւ ջրային ընդհատումի, երթեւեկի դժուարութեան, վառելանիւթի սակերու անհամեմատ սղութեան, ազգային դրամանիշի յարաճուն արժեզրկումին հարցերը, դեռ եւս` համավարակի «վերանորոգ» պատուհասը. այս բոլորը անհամբեր դարձուցած են լիբանանցիները, որոնք կը սպասեն գործնական աւելի քան խոստմնալից «քարոզներու» իրագործումներուն:

 

 

Նախորդը

Քասլիքի Համալսարանին Մէջ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 25-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Յաջորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հանդիպումը Միջին Արեւելեան Երկիրներու Խորհրդարաններու Անդամներուն Հետ

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?