Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որ շնորհաւորեց զայն երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան արձանագրած արդիւնքին համար:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Լիբանանի կառավարութիւնը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով, որ պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ կարող ըլլայ անհրաժեշտ բարեկարգումները գործադրելու` սկսելու համար ապաքինման եւ զարթօնքի հոլովոյթին:
Պասիլ եւ Ռուտաքով քննարկեցին նաեւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի հարցը, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը ապահովելու կարեւորութիւնը:
Պասիլի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային զարգացումներն ու Տոհայի մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններուն պայմանները:


