Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1399 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 28.000 լ. ոսկիի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը փոխադրուեցաւ պատրիարքութեան ամարանոց` Տիման: Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ քաղաքացիներուն բեռը ծանրացնող հարցերուն եւ տագնապներուն լուծումներ գտնուին: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Պաղեստինի...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Մասնակցի Կառավարութեան Կազմութեան Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւններուն

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Մասնակցի Կառավարութեան Կազմութեան Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւններուն

Երէկ` երեքշաբթի, 28 յունիս 2022-ին, Հայկական երեսփոխանական պլոքը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, որուն կ՛ընկերակցէին երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ճորճ Պուչիքեան, հանդիպում ունեցաւ նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ն պատրաստ է կառավարութեան մաս կազմելու` առանց անուններու եւ աթոռներու հարցին մէջ մտնելու: Երեսփոխան Բագրատունի յաջողութիւն մաղթեց նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին`...

Կառավարութեան Կազմութեան Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Սկսան

Կառավարութեան Կազմութեան Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Սկսան

Երէկ` երկուշաբթի, 27 յունիս 2022-ին սկիզբ առին կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները` խորհրդարանին մէջ: Խորհրդակցութիւնները սկիզբ առին նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ հանդիպումով: Նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդիպում ունեցաւ նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի հետ: Հանդիպումէն ետք խորհրդարանի փոխնախագահը լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ սուրիացի գաղթականներու օրակարգին` յայտնելով, որ կարելի չէ սուրիացի գաղթականներու...

Մինչ Հացի Տագնապը Կը Սաստկանայ,  Սալամ Կը Հաստատէ Անոր Նկատմամբ Պետական  Օժանդակութիւնը Պահելու Որոշումը

Մինչ Հացի Տագնապը Կը Սաստկանայ, Սալամ Կը Հաստատէ Անոր Նկատմամբ Պետական Օժանդակութիւնը Պահելու Որոշումը

«Հաց գտա՞ք», «Հաց կրցա՞ք գնել», «Հաց չկայ». լիբանանցին այս արտայայտութիւններով անցուց իր երէկուան առօրեան` առանց իմանալու, թէ շաբաթավերջին ի՛նչ կամ ինչե՜ր կը սպասեն անոր: Փուռերուն մէջ հաց ստանալու համար հերթերը շարունակուեցան, վաճառատուները հացը վաճառեցին յաճախորդի նախապատուութեան համաձայն, ինչպէս նաեւ հացին սակը չարաշահելով, հացի համար կռիւներ պատահեցան, եւ օրը անցաւ պետութեան կողմէ հացին տրամադրուած օժանդակութիւնը պահելու խոստումով: Այս յայտարարութիւնը կատարեց տնտեսութեան...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Հանիէն

Նախագահ Աուն Ընդունեց Հանիէն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայէլ Հանիէն, որ հաստատեց, որ պաղեստինեան հողերուն վրայ, յատկապէս` Երուսաղէմի մէջ իսրայէլեան բռնագրաւումը իսլամի ու քրիստոնեայի միջեւ խտրութիւն չի դներ: Հանիէ շեշտեց, որ նախագահ Աունին յայտնած են, թէ իրենք կը զօրակցին Լիբանանին եւ կը մերժեն թշնամի Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութիւնը գողնալու անոր...

Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու  Խորհրդակցական Ժողով` Լիբանանի Մէջ

Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Խորհրդակցական Ժողով` Լիբանանի Մէջ

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ երէկ յայտնեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական ժողով մը պիտի գումարուի Պէյրութի մէջ շաբաթ, 2 յուլիս 2022-ին: Ապուլ Ղէյթ նշեց, որ ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին այս տարուան նոյեմբերի սկիզբին Ալճերիոյ մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին վերաբերող հարցեր եւ թղթածրարներ: Այս շրջագիծին մէջ, Ապուլ Ղէյթ չբացայայտեց այն հարցերն ու թղթածրարները, որոնց մասին...

Քոխաւի. «Լիբանանի Դէմ Յաջորդ Պատերազմին  Ժողովուրդը Պիտի Զգուշացնենք»

Քոխաւի. «Լիբանանի Դէմ Յաջորդ Պատերազմին Ժողովուրդը Պիտի Զգուշացնենք»

Իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ Աւիւ Քոխաւի ըսաւ, որ հակառակ անոր որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն քաղաքացիներուն վնաս չհասցնելու, այսուհանդերձ հակառակորդը ամէն գնով կը փափաքի իսրայէլացիներուն վնաս հասցնել, «եւ ասիկա կը փաստէ անոր ահաբեկչական բնոյթ ունենալը», հաստատեց ան: Քոխաւի հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ յաջորդ պատերազմին ընթացքին իրենք ժողովուրդը պիտի զգուշացնեն` աւելցնելով, որ զգուշացումէն ետք իրենք իրենց ամբողջ ուժը...

Սէյիտ Նասրալլա Հանիէի Հետ Քննարկեց  Դիմադրութեան Առանցքը  Ամրապնդելու Միջոցները

Սէյիտ Նասրալլա Հանիէի Հետ Քննարկեց Դիմադրութեան Առանցքը Ամրապնդելու Միջոցները

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայէլ Հանիէն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան եւ շրջանային զարգացումները: Սէյիտ Նասրալլա եւ Հանիէ քննարկեցին Դիմադրութեան առանցքը ամրապնդելու միջոցները, ինչպէս նաեւ առկայ սպառնալիքները, մարտահրաւէրներն ու առիթները: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, յատկապէս` դիմադրութեան առանցքին զօրակցելու եւ Պաղեստինեան...

Պու Հապիպ Այցելեց Սահմանային  Կապոյտ Գիծ

Պու Հապիպ Այցելեց Սահմանային Կապոյտ Գիծ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոյի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան իմաստով որդեգրուած քայլերն ու իսրայէլեան ոտնձգութիւնները: Քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի հարցը: Պու Հապիպ ուղղաթիռով...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 807 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 30.000 լ. ոսկիի: «ՄԱՈՒԱՐԵՏ» դրամատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ դրամատունը պաշտօնապէս դադրեցուցած է Դրամատուներու միութեան իր անդամակցութիւնը, որովհետեւ համոզուած է, թէ Դրամատուներու միութեան տուած որոշումները անպայմանօրէն անոր յաճախորդներուն...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Առաջադրեց  Նեժիպ Միքաթիի Թեկնածութիւնը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Առաջադրեց Նեժիպ Միքաթիի Թեկնածութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ճորճ Պուչիքեան երէկ երեկոյեան Պաապտայի մէջ հանդիպում մը ունեցան նախագահ Աունի հետ: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց. «Այսօրուան հսկայական պատասխանատուութեան դիմաց, նախագահական ընտրութեան սահմանադրական գործընթացի սեմին, որ պէտք է կատարուի...

Նեժիպ Միքաթի Վերանշանակուեցաւ Վարչապետ.   Միքաթի. «Գործակցութեան Ձեռք Կ՛երկարեմ Բոլորին`  Հաւատալով, Որ Երկիրը Կրնանք Փրկել Իր Տագնապներէն»

Նեժիպ Միքաթի Վերանշանակուեցաւ Վարչապետ. Միքաթի. «Գործակցութեան Ձեռք Կ՛երկարեմ Բոլորին` Հաւատալով, Որ Երկիրը Կրնանք Փրկել Իր Տագնապներէն»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00, առաջին փուլով, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00` երկրորդ փուլով, ընդունեց մեծ թիւով երեսփոխաններ` երեսփոխանական պլոքներու եւ համախմբումներու ընդմէջէն, որոնց հետ խորհրդակցեցաւ նոր վարչապետին անուան շուրջ: Երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու աւարտին յստակ դարձաւ, որ 54 երեսփոխաններ առաջադրած են Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը, 46 երեսփոխաններ` ոչ ոքի,...

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Կատարէ  Վարչապետի Նշանակման Պարտադիր  Խորհրդակցութիւնները

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Կատարէ Վարչապետի Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր պիտի կատարէ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնք պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 10:00-ին եւ աւարտին յետմիջօրէի ժամը 4:45-ին: Նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէնութիւնը պէտք եղած միջոցառումները որդեգրեց, որ խորհրդակցութիւններէն անմիջապէս ետք նշանակուած վարչապետը հրաւիրուի Պաապտա` ստանձնելու համար նոր կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը: Նշենք, որ արաբական աղբիւրներ «Նաշրա» կայքին յայտնած են, թէ Նեժիպ Միքաթի վարչապետ պիտի վերանշանակուի: Նոյն...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Կ՛ընդգծէ Դիւանագիտական Հանդիպումներու  Եւ Արտերկրի Լիբանանցիներուն Հետ  Գործակցելու Աշխուժացումը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կ՛ընդգծէ Դիւանագիտական Հանդիպումներու Եւ Արտերկրի Լիբանանցիներուն Հետ Գործակցելու Աշխուժացումը

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը`  նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ Նատա Պուսթանիի, Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Ինայա Իզզէտտինի, Ալի Ամմարի, Սելիմ Սայէղի, Ալի Օսէյրանի, Ատնան Թրապուլսիի, Նաամաթ Աֆրամի, Իպրահիմ Մուսաուիի, Հասան Իզզէտտինի, Էլիաս Խուրիի, Նասեր Ժապերի, Միշել Տուէյհիի, Միշել Մըրի եւ...

Իտալիոյ Մէջ Զոհուած Լիբանանցի  Երկու Գործարարներուն Աճիւնները  Փոխադրուեցան Պէյրութ

Իտալիոյ Մէջ Զոհուած Լիբանանցի Երկու Գործարարներուն Աճիւնները Փոխադրուեցան Պէյրութ

Երէկ երեկոյեան Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան մէկ օդանաւը, որ Իտալիոյ մէջ զոհուած լիբանանցի երկու գործարարներ Թարեք Թայյահի եւ Շատի Քրէյտիի աճիւնները փոխադրեց Լիբանան: Նշենք, որ Թայյահ եւ Քրէյտի զոհուած էին Հիւսիսային Իտալիոյ Մոնթէ Քուսնա շրջանին մէջ ուղղաթիռի մը ջախջախումին պատճառով: Թարեք Թայյահի եւ Շատի Քրէյտիի աճիւնները դիմաւորելու նպատակով Պէյրութի միջազգային օդակայան ուղղուեցան զոհերուն հարազատները, ինչպէս նաեւ...

Մաուլաուի. «15 Հազար Պաշտօնեայ  Կը Պատրաստենք` Երեսփոխանական  Ընտրութիւնները Կազմակերպելու Համար»

Մաուլաուի Հալապիի Հետ Քննարկեց Պետական Քննութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց պետական քննութիւններուն վերաբերող հարցեր: Մաուլաուի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը: Մաուլաուիի այցելեցին երեսփոխաններ Մոհամետ Սլէյման եւ Ահմետ Խէյր, որոնք քննարկեցին Աքքարի եւ Մընիէի կարիքները: Մաուլաուի յետմիջօրէին հանդիպում մը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 861 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.800 լ. ոսկի է: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլարտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ...

Սուրիոյ Վրայով Եգիպտական Կազ Ստանալու  Վերջնական Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ.  4 Ժամ Յաւելեալ Ելեկտրականութիւն

Սուրիոյ Վրայով Եգիպտական Կազ Ստանալու Վերջնական Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ. 4 Ժամ Յաւելեալ Ելեկտրականութիւն

Երէկ կէսօրին ուժանիւթի նախարարութեան մէջ կատարուեցաւ Լիբանանի` Սուրիոյ վրայով եգիպտական կազ ստանալու վերջնական համաձայնագիրին ստորագրութիւնը: Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ այս համաձայնագիրին շնորհիւ Լիբանան հասնելիք եգիպտական կազը Սուրիոյ վրայով պիտի հասնի Տէյր Աամարի ելեկտրակայան: Ան հաստատեց, որ այս համաձայնագիրը կարելի չէր ըլլար ստորագրել, եթէ Եգիպտոս ուղղակի համաձայնութիւն տուած...

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Իրաւական  Հաշուեքննութիւնը Ձախողի  Կամ Երկիրը Քանդուի»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

Նախագահ Աուն. «Խորհրդակցութիւնները Պիտի Կատարուին, Եւ Կը Փափաքինք Ունենալ Տնտեսական Տագնապի Լուծման Ատակ Արհեստավարժ Վարչապետ Մը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք դիտմամբ ուշացուցած է վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որպէսզի երեսփոխանական պլոքներուն առիթ տայ` թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու, «որովհետեւ բուն հարցը յաջորդ քայլին, այսինքն` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ կ՛իյնայ»: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ խորհրդակցութիւնները պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին ունենալ տնտեսական տագնապի լուծման ատակ արհեստավարժ վարչապետ մը:...

Կրիօ. «Ֆրանսական-Սէուտական Օժանդակութիւնները  Պիտի Չկատարուին Լիբանանեան Պետութեան Միջոցաւ»

Կրիօ. «Ֆրանսա Յանձնառու Կը Մնայ Հետեւելու Լիբանանի Մէջ Գործադրուելիք Բարեկարգումներուն»

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի նոր նշանակուած ներկայացուցիչ Ֆրետերիքօ Լիմայի հետ: Այս առիթով Կրիօ յայտնեց, որ տասնամեակ մը ետք Լիման Պէյրութի մէջ այդ պաշտօնին համար նշանակելը քայլ մըն է, որ կը փաստէ Միջազգային դրամական ֆոնտին նախանձախնդրութիւնը` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ: Կրիօ հաստատեց, որ Ֆրանսա, միջազգային ընտանիքին նման, յանձնառու կը մնայ...

Page 334 of 988 1 … 333 334 335 … 988

Արխիւներ