Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Քաթարի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին, որուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատեց Լիբանանի եւ Քաթարի միջեւ երկկողմանի ամրապնդուած յարաբերութիւնները` ընդգծելով զանոնք աւելի եւս ամրապնդելու եւ աշխուժացնելու կարեւորութիւնը:
Միքաթի բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ Քաթարի ցուցաբերած զօրակցութիւնը, յատկապէս` լիբանանեան բանակին նկատմամբ քաթարեան նեցուկը, որ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ` Լիբանանի դիմագրաւած դժուար փուլը շրջանցելու եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ վաւերացուց զինուորական եւ ապահովական ուժերուն աշխատավարձերու յաւելումի շրջաբերականը, որ ուղարկուած էր ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի կողմէ:
ՆՇԵՆՔ, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի իշխան Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի, որուն որոշումով լիբանանեան բանակին 60 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրուեցաւ:


