Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթար Լիբանանեան Բանակին 60 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւն Կը Տրամադրէ

Յուլիս 1, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի շրջագիծին մէջ կը նախատեսուի, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր նախագահական պալատին մէջ ընդունի վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ պիտի շարունակէ քննարկել անոր ներկայացուցած կառավարութեան կազմի պատկերացումը:

Միւս կողմէ, Քաթարի պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի ցուցմունքներուն համաձայն, Քաթարի պետութիւնը լիբանանեան բանակին որոշած է 60 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել:

Քաթարի լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց նաեւ, որ այս աջակցութիւնը կը կատարուի Քաթարի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանիի Լիբանան կատարած այցելութեան լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ կը մնայ լիբանանեան պետութեան զօրակցելու եւ լիբանանցի ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու քաթարեան իշխանութիւններուն յանձնառութեան ծիրին մէջ:

Նշենք, որ արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի, եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ Նատա Պուսթանիի, Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Ինայա Իզզէտտինի, Ալի Ամմարի, Սելիմ Սայէղի, Ալի Օսէյրանի, Ատնան Թրապուլսիի, Նաամաթ Աֆրամի, Իպրահիմ Մուսաուիի, Հասան Իզզէտտինի, Էլիաս Խուրիի, Նասեր Ժապերի, Միշել Տուէյհիի, Միշել Մըրի եւ Ռամի Ֆանժի:

Նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ:

Հանդիպումէն ետք Ալամէ արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին անունով ողջունեց արաբ արտաքին գործոց նախարարները, որոնք շաբաթ, 2 յուլիս 2022-ին, Լիբանանի մէջ պիտի կատարեն իրենց խորհրդակցական հանդիպումը:

Ալամէ անդրադարձաւ ծովային սահմանագծումի հարցին` նշելով, որ Պու Հապիպ ներկայացուցած է սահմանագծումին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը` տեղի ունեցող այդ բանակցութիւններուն մասին:

Ալամէ նկատել տուաւ, որ այդ հոլովոյթը կրնայ յապաղիլ, որովհետեւ Լիբանանի կառավարութիւնը ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն է, իսկ Իսրայէլի կառավարութիւնը հարցեր ունի` աւելցնելով, որ ամերիկացի բանագնացը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ երկու պետութիւններուն հետ գործակցելու առումով:

Լիբանանեան անցագիրները ստանալու հարցով Ալամէ յայտնեց, որ ճիշդ է, որ անցագիրները պատրաստելու իմաստով գումար յատկացուած է եւ Ընդհանուր ապահովութիւնը երաշխաւորած է զանոնք, սակայն գետնի վրայ լիբանանցիները կը տանջուին անցագիրները ստանալու նպատակով, «հետեւաբար արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը այլ հարցերու կողքին պիտի հետապնդէ նաեւ այս հարցը Պու Հապիպի հետ», աւելցուց ան:

Ալամէ անդրադարձաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին` հաստատելով, որ պէտք է Սուրիոյ հետ խորհրդակցութիւնները շարունակել, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց տունդարձը ապահովել, առանց այդ վերադարձը ուղղակիօրէն առնչելու Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Մքերիի Հետ Քննարկեց Մոնտիալի Խաղերը Սփռելու Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Բագրատունի Ընդունեց Իան Քիւպիչը

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?