Լիբանան կը գտնուի նոր կառավարութեան մը կազմութեան սեմին:
Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երեսփոխանական երկօրեայ ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները աւարտելէ ետք, երէկ առաւօտեան այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին յանձնեց նոր կառավարութեան կազմի իր պատկերացումը:
Միքաթի, որ սպիտակ պահարան մը ձեռքին հասաւ Պաապտա, հոն գտնուող լրագրողներուն ցոյց տալով պահարանը ըսաւ. «Այս կը բովանդակէ կառավարութեան կազմը»:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի նախագահ Աունին ներկայացուց խորհրդարանին մէջ իր կատարած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները, եւ անոնց հիման վրայ իր կազմած կառավարութիւնը:
Նախագահ Աուն ստանձնեց Միքաթիի պատկերացումը` հաստատելով զայն սերտելու իր պատրաստակամութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի նախագահական պալատէն յայտարարեց, թէ երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ ինք նկատած է, թէ ընտրանքները ընդարձակ չեն, իսկ ժամանակը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
«Հետեւաբար այցելեցի նախագահ Աունին, անոր ներկայացուցի կատարած խորհրդակցութիւններուս արդիւնքները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան այն կազմը, որուն գործունէութիւնը յարմար կը նկատեմ տիրող այս պայմաններուն ընթացքին», ըսաւ ան:
Աւելի ուշ, պատկերասփիւռի կայանի մը հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ ինք նախանցեալ երեկոյեան տուած է այդ որոշումը, եւ իր ձեռագիրով նախագահ Աունին ներկայացուցած է այն կառավարութիւնը, որ ինք կը պատկերացնէ` նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով քաղաքական ուժեր կը մերժեն մաս կազմել կառավարութեան, իսկ ընտրանքները ընդարձակ չեն:
Մինչեւ երեկոյ յստակ դարձաւ, որ վարչապետ Միքաթիի ներկայացուցած կառավարութեան կազմի պատկերացումը ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնն էր, որուն մէջ մեծ փոփոխութիւններ չէին առաջարկուած, պարզապէս նախարարներու քանի մը նոր անուններ աւելցած էին` կարգ մը նախարարութիւններու համար:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ վարչապետ Միքաթի կառավարութեան այդ պատկերացումը ներկայացուցած է` մերժուելու նպատակով, եւ այդ մէկը նախնական տուեալ է, թէ ան չի փափաքիր նախագահ Աունի նախագահական նստաշրջանի աւարտէն առաջ կառավարութիւն մը կազմել:


