Զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար երէկ նախագահեց Զբօսաշրջութեան բարգաւաճման ազգային խորհուրդի առաջին նիստին:
Նշենք, որ այդ խորհուրդը վերակենդանացաւ շնորհիւ Նասսարի ջանքերուն` նկատի ունենալով, որ ան 12 տարիէ ի վեր չէր գործեր:
Ժողովին ներկայ գտնուեցան խորհուրդի պատուոյ նախագահ Ուալիտ Նասսար, ընտրուած նախագահ Փիեռ Աշքար, փոխնախագահ Ժումանա Տամոս, ինչպէս նաեւ խորհուրդին մնացեալ անդամները:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան խորհուրդին մշակելիք ընդհանուր ծրագիրն ու ուղեգիծը, որոնք երկարաժամկէտ ծրագրաւորում կ՛ենթադրեն եւ կը պարփակեն խորհուրդին պատասխանատուութիւններն ու հիմնական նպատակները:
Այս առիթով, Նասսար շեշտեց, որ Լիբանանի աշխարհագրական դիրքը հպարտութիւն կը ներշնչէ իրենց` աւելցնելով, որ արաբական երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները պէտք է պահպանել:
Ան սիրով եւ յարգանքով կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն դիւրացնելու արտերկրի լիբանանցիներուն վերադարձը իրենց հայրենիք:
Միւս կողմէ, կ՛արժէ նշել, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտարարեց, որ չորեքշաբթի, 29 յունիս 2022-ին, Լիբանան հասած են 93 թռիչքներ, որոնք իրենց հետ բերած են 15.444 ճամբորդներ:


