Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներուն հարցերն ու անոնց տունդարձին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային կարգ մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Հաժժար շեշտեց, որ երկիրը ապահովական խախտումի դիմաց չի գտնուիր` աւելցնելով, որ իրենք կը հասկնան, թէ սննդեղէնի կացութիւնը ապակայուն է, եւ իբրեւ այդպիսին կոչ կ՛ուղղեն ապահովական ուժերուն փուռերուն դիմաց տիրող կացութիւնը կարգաւորելու եւ հակակշռելու:
Հաժժար յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի կայանայ հանդիպում մը` արժեւորելու համար երկրին ապահովական քայլերն ու տեղահանուածներուն տունդարձի քայլերը:
Հաժժար ընդգծեց, որ ամէնէն աղքատ ընտանիքներու «Աման» ծրագիրի գործադրութիւնը պիտի ազդուի տիրող կացութենէն:
Ան նշեց, որ նիւթական օժանդակութիւնները կանգ պիտի չառնեն, սակայն պետական պաշտօնեաներուն յայտարարած գործադուլին պատճառով այդ վճարումը կրնայ քանի մը օրով ուշանալ: